Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան դատապարտեց «հրետանիի արիւնալի ռմբակոծման դէպքը, որ պատահեցաւ Իրաքի Քիւրտիստան շրջանի հիւսիսը գտնուող Զախօ քաղաքին մէջ, եւ ատոր զոհ գացին շարք մը անմեղ քաղաքայիններ»:
Ան իր իրաքցի պաշտօնակից Ֆուատ Հիւսէյնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն, իրաքեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին` շեշտելով. «Իրանի` Իրաքի կայունութեան ու անվտանգութեան զօրակցող դիրքորոշումը»:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը տեղեակ պահեց Թեհրանի մէջ Ռուսիա-Իրան-Թուրքիա եռակողմ վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած որոշումներէն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ խնդիրներու խաղաղ լուծման:
Յիշեցնենք, որ 20 յուլիսին Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Տահուք նահանգի Զախօ գաւառի Պարխ գիւղին մէջ գտնուող ամարանոցը թրքական հրետանիին կողմէ ենթարկուած էր բուռն ռմբակոծման, որուն պատճառով 8 քաղաքայիններ զոհուած էին եւ 23 ուրիշներ վիրաւորուած, բոլորն ալ` քաղաքային զբօսաշրջիկներ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին երէկ յայտարարեց. «Մեր սկզբունքային ու հաստատ զօրակցութիւնը կը յայտնենք Իրաքի կայունութեան եւ բուռն կերպով կը մերժենք զայն շրջանային ճակատումի վայրի վերածելը»:


