Զինուորական աղբիւր մը սուրիական ՍԱՆԱ պետական լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ սուրիացի 3 զինուորներ մահացած են եւ 7 ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ նիւթական որոշ վնասներ արձանագրուած են, երբ իսրայէլեան բանակը Դամասկոս քաղաքի մերձակայքին մէջ գտնուող զինուորական կարգ մը դիրքերու վրայ յարձակում գործած է:
Աղբիւրը նշած է, որ կէս գիշերէն ետք ժամը 12:32-ին իսրայէլեան օդուժը բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող կարգ մը կէտերու դէմ:
Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են անոնցմէ քանի մը հատը վնասազերծել:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` դատապարտելու Դամասկոսի մերձակայքին ուղղութեամբ կատարուած իսրայէլեան յարձակումը:


