Նետերլանտներու ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Մաթիաս Տը Լիկթ, Եուվենթուսէն տեղափոխուեցաւ Պայէրն Միւնիխ:
22 տարեկան ֆութպոլիստը միւնիխեան ակումբին հետ ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նշուեցաւ, որ այս փոխանցման համար Պայէրն վճարեց 70 միլիոն եւրօ, իսկ յառաջիկային պիտի վճարէ նաեւ 10 միլիոն եւրօ պարգեւավճար:
Տը Լիկթ, որ 2019-էն Այաքս Ամսթերտամէն միացաւ Եուվենթուսի, այս վերջինին հետ 117 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:


