Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի Նուաճումները Ճափոնական Ամսագրի Ճամբով Հասաւ Օտար Հանրութեան

July 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճափոնական դասական կիթառի հանրածանօթ «Gendai Guitar Magazine» ամսագիրը այս տարուան յունիսի թիւով հրատարակած է հարցազրոյց մը լիբանանահայ ծանօթ կիթառահար, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառի ամպիոնի վարիչ Մկրտիչ Միքայէլեանի հետ:

Հարցազրոյցին վեց էջերէն չորսին մէջ բաւական ընդարձակ եւ մանրամասն կերպով անդրադարձած են Միքայէլեանի անձնական, համերգային եւ ստեղծագործական կեանքի նուաճումներուն, հայկական մշակումներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին, իսկ երկու էջով ալ նախ ներկայացուցած են հայ մեծ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեանը, ապա լուսարձակի տակ առած են Կանաչեանի «Օրօր» բարձրորակ եւ իւրայատուկ երգը եւ, վերջապէս, անդրադարձած են Մկրտիչ Միքայէլեանի մասնագիտական մշակումին մասին, թէ Կանաչեանի «Օրօր»-ը` այդ հայկական գլուխ-գործոցը, ինչպէս Միքայէլեան յաջողած է մշակել զայն` յատուկ դասական կիթառի համար, ինչպէս նաեւ հրատարակած են Միքայէլեանի մշակած նոթերը:

Հաղորդենք, որ «Gendai Guitar Magazine»-ը ճափոնական մասնագիտական անուանի ամսագիր մըն է, որ ունի համաշխարհային հետեւորդներ: Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր» երգին Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակած նոթերուն հրապարակումը ամսագրին մէջ ունեցաւ լայն տարածում եւ այսպիսով Մ. Միքայէլեան յաջողեցաւ հասցնել զայն միջազգային բեմեր: Օտար անուանի կիթառահարներ շատ սիրած են Միքայէլեանի մշակած տարբերակը եւ արդէն իսկ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ սկսած են իրենց նուագահանդէսներու ընթացքին նուագել հայկական «Օրօր»-ը:

Նախորդը

Կլիմայական Խնդիրներ

Յաջորդը

Աւելի Քան 80 Պատանիներ Մասնակցեցան Դպրեվանքի Կազմակերպած «Կիլիկիա» Բանակումին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.