Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

July 21, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ–ի Գամիշլի Մասնաճիւղը Յիշատակեց Հայ Սկաուտին Օրը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Գամիշլի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին, 9 յուլիս 2022-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ սկաուտի օրուան հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Արցախի, Հայաստանի եւ Սուրիոյ նահատակներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աստիճանաւորական կազմի անդամ Մենար Կէնճոյեան, որ շեշտեց սկաուտութեան կարեւորութիւնը սփիւռքեան տարածքին` որպէս դարբնոց հայապահպանման եւ հայակերտումի:

Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ բժիշկ Անդրանիկ Սարգիսեան: Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ծնունդին ու առաքելութեան եւ ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ մեր զաւակները կը կազմաւորուին առողջ եւ տոկուն մարմինով, խաղի հրճուանքն ու ընկերասիրութիւնը, կարգապահութիւնն ու առողջ մրցակցութեան առթած եռանդը ըմբոշխնելով:

Այսօր, աւելի քան երբեք, ՀՄԸՄ-ական քոյր- եղբայրներէն կ՛ակնկալուի առաւել կամք, առաւել աշխատանք եւ առաւել նուիրում»:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով բեմ բաձրացան քոյրերն ու եղբայրները, ներկայացնելով հայկական նազպար, բուրգեր, ինքնապաշտպանութեան արուեստ ու չափական մարզանք:

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը իր հնչեղ կատարումներով խանդավառեց ներկաները:

Աւարտին սկաուտական երգչախումբը ՀՄԸՄ-ին նուիրուած եւ ազգային փունջ մը երգերով ոգեւորեց եւ բարձր տրամադրութիւն ներշնչեց ներկաներուն, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի:

Քահանայ հօր եւ շրջանային խմբապետին եւ  խմբապետուհիին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խմբապետական երդման արարողութիւն, իսկ Նանար Սարգիսեանին խմբապետուհիի աստիճան շնորհուեցաւ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նորագիր-նորընծայի եւ Բ. կարգի վկայականաց բաշխում եւ աստիճանատուչութիւն` ձեռամբ մասնաճիւղի խմբապետ Նանար Սարգիսեանի եւ խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Դաւիթեանի:

Շրջանային վարչութեան կողմէ յուշանուէրով պարգեւատրուեցան երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներ, իսկ ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Մովսէս Ադամեան, որ հիմնադիր սերունդին օրինակով տարիներ շարունակ ծառայած էր միութեան շարքերուն մէջ:

Քահանայ հայրը շնորհաւորեց սկաուտներն ու ՀՄԸՄ-ականները` բարձր գնահատելով ձեռնարկը պատրաստող աշխատակազմը եւ շեշտեց, որ աշխարհի տարածքին ո՛ւր որ հայ գտնուի, հոն կը յառաջանայ նաեւ ՀՄԸՄ-ի կառոյցը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը կոչուած է պահապանը ըլլալու մեր ազգային ինքնութեան:

Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տերվիշեան խօսք առնելով` շնորհաւորեց սկաուտները իրենց ստացած վկայականներուն եւ աստիճաններուն առիթով, շնորհաւորեց նաեւ պարգեւատրուող ՀՄԸՄ-ականները` մասնաճիւղին մաղթելով անխափան վերելք:

Յիշեցնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղը1933-էն մինչեւ օրս Ճեզիրէի շրջանէն ներս իր կազմակերպուած աշխատանքով եւ ջամբած ազգային դաստիարակութեամբ իրերայաջորդ սերունդներ կը կերտէ, ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Գամիշլիի մասնաճիւղը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` միշտ ուղեցոյց ունենալով միութեան «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

Միացեալ Նահանգներ

Նոր «Հայ Կեդրոն» Սան Ֆեռնանտօ Հովիտին Մէջ

ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Արշաւիր Շիրակեան» եւ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէութիւններու միացեալ ջանքերով 5 յունիսին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի նորագոյն «Հայ կեդրոն»-ի բացում:

Երեկոյի բացումը կատարեց Հրայր Շէրիքեան, որ կեդրոնի յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` շեշտելով «Հայ կեդրոն»-ներու կարեւորութիւնը եւ անոնց ունեցած դերակատարութիւնը սփիւռքի ազգային կեանքին մէջ: Ապա Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց «Հայ կեդրոն»-ը` մաղթելով ներկաներուն նորանոր յաջողութիւններ:

ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Արշաւիր Շիրակեան» եւ «Բաբգէն Սիւնի» կոմիտէներու անունով ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Արտալճեան: Ան շեշտեց, որ աշխարհասփիւռ հայ կեդրոնները յատուկ տեղ գրաւած են հայ գաղութներու ազգային կեանքին մէջ` ըլլալով ստեղծագործութեան վայրեր, համախմբուելու ժողովատեղիներ, միտքեր յղանալու եւ այդ մտքերը գործի վերածելու կեդրոններ: Ան նկատել տուաւ, որ հայ կեդրոնները նաեւ ընկերային մթնոլորտ կը ստեղծեն հոն համախմբուած մարդոց միջեւ:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր  Խաչատուրեան կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերու վրայ. Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ կեդրոններու ստեղծումները եւ անոնց հիմնական դերակատարութիւնը, եկեղեցիներու ու դպրոցներու կողքին, հիմնական տեղ ստացաւ` հայապահպանման եւ հայակերտման  դաստիարակութիւնը, հետեւողական աշխատանքներու ընդմէջէն բարելաւել եւ զարգացնել հայ ժողովուրդին ծառայութեան միտքը ու նուիրումը: Ան հաստատեց, որ տասնամեակներէ ի վեր հայ կեդրոնները կը հաստատուին տարբեր գաղութներու մէջ եւ իրենց ծառայութեամբ հայ ժողովուրդին տեղական կարիքներուն կը հասնին, աւելցնելով, որ այս եղաւ հիմնական զարթօնքի շրջան մը հայութեան: Տարօն Տէր  Խաչատուրեան ըսաւ, որ հայ կեդրոնները նաեւ եղան հայ ինքնութեան պահպանման ու զարգացման միջոց: ՀՅԴ կեդրոնները վերածուեցան կազմակերպութիւններու հիմնական հաւաքատեղիներ, խրախճանքներու, ընկերային եւ քաղաքական միտքերու զարգացման եւ հայեացքը` միշտ դէպի հայրենիք:

ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Յասմիկ Բրուշեան բացատրեց ՀԵԴ-ի գործունէութեան զանազան բաժինները, շնորհաւորեց կեդրոնի յանձնախումբի աշխատանքները եւ խոստացաւ երիտասարդներու գործօն մասնակցութիւնը կեդրոնէն ներս:

Լոս Անճելըսի 4-րդ ընտրաշրջանի խորհրդական Նիթեա Ռամանիի ներկայացուցիչ Ռիան Ահարի ելոյթ ունենալով` շնորհաւորանքի խօսքեր արտասանեց եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի 98-րդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովը

8-10 յուլիսին Մոնթրոզի Հայ քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ գումարուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան շրջանի 98-րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փոլատեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգելու 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակը, ապա հրաւիրեց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը` կարդալու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խօսքը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Նայիրի Տէրտէրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն` նիւթապէս եւ բարոյապէս ՀՕՄ-ի ծրագիրներուն թիկունք կանգնելուն համար:

Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սիլվա Փոլատեան, որ երախտագիտութիւն յայտնեց մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը շարունակեն գործել «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով:

98-րդ Պատգամաւորական ժողովը երեք օրերու ընթացքին լսեց ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, քննարկեց կատարուած աշխատանքը, քննեց ՀՕՄ-ի անցնող եռամեակի բազմերես գործունէութեան տարբեր բնագաւառները, անդրադարձաւ գաղութի ընկերային, առողջապահական, կրթական, դաստիարակչական, կազմակերպական, յարաբերական, մանաւանդ տնտեսական կարիքներուն` Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, գնահատեց գործունէութիւնը ու համապատասխան արժեւորումներ եւ առաջարկներ կատարեց:

Նախորդ եռամեայ գործունէութեան մասին ժողովը անդրադարձաւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու մատուցած զանազան ծառայութիւններուն` գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն Դալար Այնթապլեանի եւ Հոգեբանական կեդրոնին, որ օգտակար կը հանդիսանայ իրեն դիմողներուն գլխաւորութեամբ Իտա Գարայեանի, որոնք բարձր գնահատանքի արժանացան:  Ժողովականները նաեւ բարձր գնահատեցին Շրջանային վարչութեան գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանի անխոնջ աշխատանքը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Արցախի մէջ արեւային ջրատաքացուցիչ սարքերու տեղադրման նոր ծրագիրին, որ տաք ջուր պիտի ապահովէ: Ժողովականները ոգեւորուեցան եւ տեղւոյն վրայ դրամահաւաքը սկսաւ, մասնաճիւղերը եւ անդամները անհատապէս մասնակցեցան սոյն ծրագիրի դրամահաւաքին եւ գոյացաւ 85 հազար տոլար գումար մը, ապա Շրջանային վարչութիւնը ամբողջացուց գումարը` բարձրացնելով 100 հազար տոլարի, յատկացնելու համար Աշանի եւ Ականաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն, որոնք ՀՕՄ-ի Արեւմտեան շրջանին կողմէ կը հովանաւորուին, նաեւ` Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին, անմիջական օժանդակութեամբ աջակցելու Արցախի հայրենակիցներուն, որպէսզի անոնք կառչած մնան մեր պապենական հողերուն:

Ժողովի աւարտին ժողովականները ընտրեցին 2022-2024 երկամեակի նոր Շրջանային վարչութիւնը, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. Վիքի Մարաշլեան` ատենապետ, Ժարմէն Միրզախանեան` փոխատենապետ, Մարալ Մանուկեան` ատենադպրուհի, Քրիսթին Խանճեան` գանձապահ եւ խորհրդականներ` Էմմա Կարապետեան, Շուշան Թաշճեան, Սեդա Խոճայեան, Հայկօ Պարսամեան եւ Անուշ Չալեան:

Իրան

«Թաւրիզէն Ստալինեան Կուլակ. Ընդհատուած Պատմութիւն» Գիրքի Ներկայացում

Նախաձեռնութեամբ ՀՈՒՍԿ-ի, 11 յուլիսին հաստատութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Թաւրիզէն Ստալինեան կուլակ. ընդհատուած պատմութիւն» խորագիրը կրող գիրքի ներկայացում:

Գիրքը կ՛անդրադառնայ «ԱԼԻՔ»-ի (1960-1971) թուականներու խմբագրապետ դոկտ. Պաղտիկ Մինասեանի կենսագրական տուեալներուն, որ իր կեանքի աւելի քան 10 տարիները անցուցած է ստալինեան ճիրաններուն մէջ աքսորուելով Սիպերիա: Գիրքին հեղինակն է անոր դուստրը` դոկտ. Ռուբինա Մինասեան- Փիրումեան:

Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան ելոյթ ունենալով անդրադարձաւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի կենսագրական տուեալներուն, որ Եու. Սի. Էլ. Էյ. համալսարանի դասախօս է եւ հեղինակած է Հայ դատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքեր, դասագիրքեր եւ հետազօտական յօդուածներ:

Դոկտ. Փիրումեան իր ելոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ միշտ պարտք համարած է իր հօր կենսագրութեան այդ դաժան տարիները պատկերելով` ներկայացնել ստալինեան ոճրագործութիւնները հայ ժողովուրդի դէմ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ մէկը իրեն համար հանդիսացած է մղիչ ուժ եւ 2017 թուականին անգլերէնով հրատարակած է իր հօր յուշերը այդ մասին` «My father, A man of Courage and Perseferance, A Survivor of Stalin՛s GULAG» գիրքը, աւելցնելով, որ գիրքի առաջին տարբերակը անգլերէնով տպագրելու դրդապատճառը այն էր, որ սփիւռքը եւ ի մասնաւորի աշխարհը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացած այդ ժամանակաշրջանի ոճրագործութիւններուն: Հեղինակը նկարագրած է իր հօր` Պաղտիկ Մինասեանի կեանքը` մանկութենէն մինչեւ Չեկայի կողմէ անոր առեւանգումը, Թաւրիզէն աքսորը, աւելի քան 10 տարի անազատութեան մէջ մնալը եւ ապա վերադարձը Իրան: Գիրքի երկու գլուխներուն մէջ կը գտնենք Պաղտիկ Մինասեանի անաւարտ յուշերը, որ դոկտ. Փիրումեան ամբողջացուցած է: Դոկտ. Փիրումեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ Հայաստան եղած ժամանակ, երբ ներկայացուցած է գիրքը, առաջարկած են զայն թարգմանել հայերէնի, սակայն ինք քաջ գիտակցելով, որ հայ նոր սերունդը եւս պէտք է իրազեկ դառնայ այդ տարիներու պատմութեան, ինք հեղինակած է գիրքի հայերէն տարբերակը, որ անգլերէնի համեմատութեամբ կը բովանդակէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:

Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Իսիկ Իւնանէսեան առաջարկեց, որ ՀՈՒՍԿ-ի միջոցով գիրքը թարգմանուի պարսկերէնի ու տպագրուի: Հեղինակը գոհունակութեամբ ընդառաջեց  առաջարկին:

«Աֆթա» Ստեղծարար Եւ Նորարարական Տան Պատուիրակութեան Այցելութիւնը

7 յուլիսին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքին մէջ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդը ընդունեց այցելութիւնը «Աֆթա» ստեղծարար եւ նորարարական տան պատուիրակութեան: Թեմական խորհրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեանը եւ «Աֆթա» ստեղծարար-նորարարական տան տնօրէն Սաճատ Հայաթպախշ ստորագրեցին տնտեսական-ձեռնարկատիրական փոխըմբռնման յուշագիր, որ կը միտի համայնքի ստեղծարար եւ նպատակասլաց երիտասարդները կրթել եւ անոնց օժանդակել` գործնական ծրագիրներու, տնտեսական զարգացման նպատակային եւ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ծաւալման ծիրերէն ներս:

Նշենք, որ Թեմական խորհուրդը «Աֆթա» ստեղծարար եւ նորարարական տան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալու նպատակով ստեղծած է համայնքի երիտասարդներէն կազմուած գործադիր խումբ մը, որուն պարտականութիւնն է համաձայնուած ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ համագործակցիլ եւ կապ հաստատել նշեալ կառոյցին հետ: Գործադիր վարչութեան անդամներն են` Վերգինէ Միրզախանեան, Նարբէ Ջարդն Դաւուդ, Արգին Աբնուսեան, Արմօ Մինասեան եւ Մհեր Դաւթեան:

Յունաստան

Այցելութիւն Ս. Յակոբ Եկեղեցի

20 յունիս 2022-ի երեկոյեան, Նիքէայի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, տեղւոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ` Փոքր Ասիոյ ահաւոր աղէտէն ետք Նիքէա շրջանը հաստատուած յոյն եւ հայ գաղթականներուն նուիրուած: Ընդառաջելով հրաւէրին` սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան ու Թաղային խորհուրդի ատենապետ Սերգօ Արապեան:

Օրուան խօսողներէն էր Գուին Մինասեանը, որ ներկայացուց Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք Նիքէա շրջանը հաստատուած հայութիւնը, ինչպէս նաեւ` մեծ ջանքերով կառուցուած Ս. Յակոբ եկեղեցին, «Զաւարեան» վարժարանն ու գործօն միութիւնները:

Դասախօսութիւնը կ’ընդգրկէր նաեւ այցելութիւն Ս. Յակոբ եկեղեցի եւ այլ վայրեր: Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ձեռնարկին մասնակցողները (մօտ 70 հոգի) դիմաւորեց  Պարէտ քհնյ. Խաչերեան:

Գուին Մինասեան նախ ներկայացուց եկեղեցւոյ կառուցման պատմականը, ապա Պարէտ քահանայ հայրը բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ ներքին մասերուն ու արարողութեանց մասին: Ետքը ներկաներուն կողմէ կատարուեցան որոշ հարցումներ: Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տիկ. Մինասեան բացատրութիւն տուաւ նաեւ զետեղուած խաչքարին ու Կոմիտասի արձանին մասին: Կազմակերպիչ մարմինի անդամները քահանայ հօր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք մեկնեցան: Սրահ վերադարձէն ետք, դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

 

Նախորդը

Զբաղումներ, Որոնք Թոյլ Չեն Տար, Որ Մեր Ուղեղը «Ժանգոտի»

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերու Ծանօթացման Մամլոյ Ասուլիսը

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.