Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցող համալսարաններու ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան համալսարաններու աղջկանց ազգային խումբը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Չեխիոյ:
Այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Փորթուգալ:
Նշենք, որ մրցումները տեղի կ՛ունենան Պրակայի եւ Կիմարաէշի մէջ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 9 երկիրներու ազգային խումբերը:


