Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Իրան Դէմ Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Իրանի Եւ Հայաստանի Սահմանի Արգելափակման Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Խամենէի

July 20, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի արգելափակման քաղաքականութիւն ըլլայ, Իսլամական հանրապետութիւնը ատոր դէմ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ սահմանը կը նկատուի հաղորդակցութեան ուղի, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր եղած է»:

Խամենէի նաեւ յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ զինուորական յարձակում «Սուրիոյ ու Թուրքիոյ պիտի վնասէ եւ ի նպաստ ահաբեկիչներուն պիտի ըլլայ»` աւելցնելով. «Պէտք է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, սակայն Սուրիոյ մէջ զինուորական յարձակումը ահաբեկիչներուն պիտի նպաստէ, հակառակ անոր, որ անոնք որոշ խմբաւորումով մը սահմանափակուած չեն»:

«Թուրքիոյ անվտանգութիւնը կը նկատենք մեր անվտանգութեան մէկ մասը, եւ դուք պէտք է Սուրիոյ անվտանգութիւնը նկատէք ձեր անվտանգութեան մէկ մասը, եւ պէտք է Սուրիոյ հարցը լուծել բանակցութեան ճամբով, եւ Իրանը, Սուրիան եւ Ռուսիան պէտք է այս հարցին վերջ տան երկխօսութեամբ»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը նաեւ Էրտողանին յայտնեց. «Պաղեստինը իսլամական աշխարհին մէջ թիւ մէկ դատն է, եւ պէտք չէ Ամերիկային ու սիոնական գոյացութեան վստահիլ»:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Իրանի հիւլէական համաձայնութեան մէջ օրինական պահանջին, եւ թուրք ներդրողները քաջալերեց Իրանի մէջ ներդրում կատարելու:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ մասնաւորաբար Ամերիկայի նման արեւմտեան երկիրներու կողմէ ծանր զէնքերով աջակցութիւն կը վայելեն», նշեց Էրտողան` նախատեսելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը «քաղաքական գործողութեան մը նախաձեռնէ»:

Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափի ժողովը լաւ արդիւնքներ տայ:

Միւս կողմէ, Թեհրանի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 7-րդ նիստը: Իրան եւ Թեհրան տարբեր մարզերու մէջ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիրներ ստորագրեցին` ներկայութեամբ երկու երկիրներու նախագահներուն` Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի:

Ռայիսի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրները համաձայնութիւններու մակարդակը բարձրացնելու լուրջ կամք ունին` նշելով. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները պէտք եղած մակարդակին վրայ չեն, եւ զանոնք կարելի է 30 միլիառ տոլարի սահմաններուն բարձրացնել»:

Ռայիսի յայտնեց, որ ստորագրուած համաձայնութիւնը կը ներառէ միացեալ գործարաններու կառուցումը եւ Թուրքիոյ իրանեան կազով մատակարարումը 25 տարիով երկարաձգումը:

Ան շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ սահմանի անվտանգութեան պաշտպանութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` նշելով. «Արեւմուտքը ահաբեկչութեան հետ երկակի չափանիշներով կը գործէ, իսկ Իրան կոչ կ՛ուղղէ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ` ինչ անուան տակ ալ անիկա ըլլայ»:

«Իրան եւ Թուրքիա Սուրիոյ հողերուն ամբողջականութիւնը կը հաստատեն», ըսաւ Ռայիսի` աւելցնելով. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գործակցութիւնը կրնայ շրջանի անվտանգութեան եւ միջազգային անվտանգութեան մէջ դեր ունենալ»: Ան յոյս յայտնեց, որ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթը Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման յանգեցնէ:

Էրտողան իր կարգին յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու մակարդակը պիտի բարձրացնեն, եւ գնահատեց Իրանի նախագահի` Իրանի եւ դրացի երկիրներուն միջեւ գործակցութեան տեսլականը:

«Մեր հասարակաց նպատակը մեր միջեւ տարեկան ապրանքաշրջանառութիւնը 30 միլիառ տոլարի հասցնելն է», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Կրնանք Իրանի հետ պաշտպանական եւ հեղուկ կազի մարզերուն մէջ միացեալ քայլեր առնել»:

Ան ըսաւ, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «հիւսիսային Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ միացեալ պայքարի» համաձայնութիւն գոյացած է:

 

Նախորդը

Պորել Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումը Կը Նկատէ «Կարեւոր Քայլ` Դէպի Համապարփակ Լուծում»

Յաջորդը

Փարիզ Կ՛ողջունէ Միրզոյեան-Պայրամով Հանդիպումը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.