Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2421 վարակուածներ եւ մահացած է երեք պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 30.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը նուազած է 16.000 լ. ոսկիով, մազութը` 8000 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 5000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 611.000 լ. ոսկի, 98 օքթանը` 623.000 լ. ոսկի, մազութը` 667.000 լ. ոսկի, իսկ կազը` 318.000 լ. ոսկի:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց վառելանիւթի եւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարները: Պու Հապիպ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը քննարկեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆի հետ` պահանջելով այդ թղթածրարի լուծման համար յստակ ուղեգիծ մը ճշդել:

ՊԵՏԱԿԱՆ պաշտօնեաներու լիկան հաստատեց, որ պետութեան որոշումներուն ենթակայ չէ` աւելցնելով, որ յայտարարուած բաց գործադուլը պիտի շարունակուի յաւելեալ խստութեամբ` մերժելով պաշտօնեային հաշուոյն ցուցաբերուող պետութեան ամբարտաւանութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ այսօր պիտի մեկնի Պաղտատ` վառելանիւթի եւ ալիւրի օժանդակութիւն խնդրելու Իրաքէն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ամչնալու կոչ ուղղեց ելեկտրական շարժակներու մաֆիան պաշտպանող լիբանանեան պետութեան կարգ մը հեղինակութիւններուն: «Ամչցէ՛ք եւ ելեկտրական հոսանքի սակը բարձրացնելով ելեկտրականութիւն ապահովեցէ՛ք: Այդ որոշումը ձեր ժամանակէն տասը վայրկեանի կը կարօտի: Այս իմաստով ձեր մօտ արձանագրուած տատամսումը կասկածելի է, եւ դուք մեղսակիցի վիճակին մէջ կը յայտնուիք», ըսաւ Ուահապ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական Թիւ 425 «Մարզիկ»-ի. «Անդրդուելի Կերպով…»

Յաջորդը

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Բարեփոխեց Դրամատնային Գաղտնիութեան Օրէնքը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.