Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Թեհրանի Մէջ Փութին-Էրտողան-Ռայիսի Հանդիպում

July 19, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի ձեւաչափ»-ին մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը: Անոնք նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենան:

Կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի քննարկեն Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը, սակայն անոնք առանձին երկկողմանի հանդիպումներ եւս պիտի կատարեն:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, ռուսական աղբիւր մը յայտնած է. «Շատ սուր, չափազանց կարեւոր հարցեր կան քննարկման համար»:

Նախապէս արդէն հաղորդուած էր, որ Ռուսիոյ նախագահը 19 յուլիսին պիտի այցելէ Թեհրան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց. «Վաղը Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններուն ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը իր թուրք եւ իրանցի պաշտօնակիցներուն հետ պիտի քննարկէ շրջանային տագնապներուն նիւթը»:

«Մեզ շրջապատող շրջանային շատ թէժ խնդիրներ կան, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է մեր համագործակցութիւնը», նշեց Փեսքով:

Քրեմլինի բանբերին համաձայն, Փութին Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ հանդիպումէն բացի այսօր կը նախատեսէ այցելել նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին:

«Յոյսով ենք, որ ատիկա շատ յագեցած երկխօսութիւն պիտի ըլլայ», նշած է Փեսքով:

Միւս կողմէ, «Սփութնիք» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ այսօր Թեհրան պիտի այցելէ:

Նախորդը

«Ռոյթըրզ». «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛առաջարկէ Ռուսական Կազը Փոխարինել Ազրպէյճանականով»

Յաջորդը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` «Էֆ. Թի. Էքս.-Ռոտ Թու Մայեմի»-ի Տիտղոսակիր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.