Հայաստանի ներկայացուցիչ Արարատ-Երեւան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումին թէեւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շքենտիայի հետ (Մակեդոնիա), սակայն նկատի ունենալով, որ երթին անոր դաշտին վրայ կրած էր 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Դարձի այս մրցումի հայրենի կազմին երկու կոլերը նշանակեց Գոռ Մալաքեան (49-րդ եւ 79-րդ):


