Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի կրտսեր տարիքի կռփամարտի պատանիներու հաւաքականը, մարզիչներ Արթուր Մելքումեանի եւ Արմէն Բաղդասարեանի գլխաւորութեանբ, ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Այս հաւաքին կը մասնակցին 24 մարզիկներ (19 տղաք եւ 5 աղջիկներ):
Այս հաւաքով հայրենի պատանի երկսեռ կռփամարտիկները սկսան նախապատրաստուիլ 10-21 օգոստոսին, թրքական Էրզրում քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան:
Առաջին հաւաքը իր աւարտին պիտի հասնի 24 յուլիսին:
Երկրորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Օլիմփիաւանի մէջ:


