Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի նախկին յառաջատար, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լեւոն Արոնեան ապահովեց «ԷՖ. ԹԻ. ԷՔՍ.-Ռոտ թու Մայեմի» ճատրակի առցանց մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը:
Արոնեան, որ քառորդ աւարտականին մրցեցաւ հնդիկ Արժուն Էրիկայսիի դէմ, արձանագրեց` 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին Արոնեան պիտի մրցի լեհ Եան-Քրզիսթոֆ Տուտայի դէմ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց նետերլանտցի Անիշ Կիրիի դէմ (նոյն արդիւնքով):
Սակայն ամերիկահայ Սամուէլ Սեւեան դուրս մնաց մրցաշարքէն` թայ պրէյքով (1,5-0,5) պարտուելով չինացի Ուէյ Եիէն:


