Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Ժողովուրդին Մանտաթ»-ը Չփրկեց Ճոնսընը

July 9, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հինգշաբթի օր ի վերջոյ տապալեցաւ: Կուսակցութեան մէջ ծագած ըմբոստութենէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք, ան ստիպուեցաւ հրաժարական յայտարարել, որովհետեւ առաջին ալիքէն զինք փրկած լաստը անկարող եղաւ դիմանալու երկրորդին ու խորտակուեցաւ անդարմանելիօրէն:

Անոնք, որոնք մոռցած են Ճոնսընի դէմ բարձրացած դժգոհութեան ալիքին պատճառները, արագ յիշեցում մը կատարենք. վարչապետը իր իսկ կառավարութեան կողմէ հաստատուած օրէնքը խախտած էր համաճարակի ամէնէն սաստիկ օրերուն եւ բազմամարդ տօնակատարութիւն մը սարքած էր անցեալ տարի: Քննադատութիւնները զսպուած էին Ճոնսընի պաշտպաններուն կողմէ, սակայն ամիս մը առաջ, ըմբոստութիւնը «վարակած էր» անոր կուսակցութեան անդամները, որոնք փորձած էին վստահութեան քուէն յետս կոչել վարչապետէն: Այդ հանգրուանին ալ Ճոնսընին փրկութեան լաստ նետողներ եղած էին, սակայն այս շաբաթասկիզբին նոր ցունամի մը բարձրացաւ, երբ կառավարութեան անդամներ մէկը միւսին ետեւէ հրաժարական տուին եւ 10 Տաունինկ Սթրիթէն (վարչապետարան) ելքի դուռը մատնացոյց ըրին վարչապետին: Հիմա, տօնակատարութեան գայթակղութիւնը կարծէք թէ ընկղմած է աւելի մեծ գայթակղութեան մը ստեղծած ալիքին տակ: Ճոնսըն կ՛ամբաստանուի իր պաշտօնակիցներէն` արուամոլի մը շահատակութիւնները ծածկած ըլլալու յանցանքով: Կ՛ըսուի, թէ ան լաւատեղեակ էր խնդրոյ առարկայ նախարարին հակումներուն եւ զոհերուն համար անհաճոյ արարքներուն, սակայն «Ուքրանիոյ պատերազմով զբաղած ըլլալուն, չէ կրցած պէտք եղած ուշադրութիւնը ցոյց տալ այս գայթակղութեան»:

Բացայայտ է, որ Ճոնսըն դարձեալ կ՛ընդունի յանցապարտութիւնը, իսկ իր կողքին քալողները` նախարարներ, խորհրդարանականներ եւ ընդհանրապէս ժողովուրդը պատրաստ չեն այլեւս կուլ տալու անոր չքմեղանքները:

Ճոնսըն վարչապետի պաշտօնին կոչուած էր մօտաւորապէս 3 տարի առաջ: Այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր: Մինչեւ իսկ հրաժարականէն պահիկ մը առաջ յոխորտանքով խօսած էր, թէ ժողովուրդին տուած մանտաթով` շատ դժուարին գործ կը կատարէ, սակայն մարդիկ ըսին իրեն. «Կը բաւէ՛» (Enough is enough, կ՛ըսեն անգլիախօսները):

Կրկնենք. Ճոնսընի տապալումին պատճառները հայրենիքէն հողի կորուստներ-յանձնումներ չէին, ո՛չ ալ բանակէն հազարաւորներու ի զուր զոհաբերութիւնը եւ այդ մասին խոստովանութիւնը, տնտեսական-ընկերային նահանջները: Բրիտանացիք նաեւ մտահոգ չէին, որ իրենց հայրենիքէն որոշ հողամասեր, «ուրիշին կը պատկանի»-ի պատճառաբանութեամբ` վարչապետը կը պատրաստուէր նոր զիջումներու, նահանջի, հայրենադաւութեան: Եթէ նման հաւանականութիւններ ըլլային, անոնք վստահաբար Ֆրանսայէն պիտի խնդրէին, որ կառափնատը (կիոթին) դուրս բերեն թանգարանէն եւ մէկ օրուան համար փոխ տան իրենց:

Փառաշուք յաղթանակով Թերեզա Մէյը պատմութեան ծոցը ղրկած Ճոնսըն հիմա ցեխի մէջ մխրճուած վիճակով կը հրաժարի: (Մեզի համար հետաքրքրական չեն քաղաքական-ռազմավարական-տնտեսական ձախողանքներուն շուրջ տարածուող մեկնաբանութիւնները): Ան պաշտօնակատար պիտի մնայ մինչեւ յաջորդի մը նշանակումը (ո՞վ գիտէ, թերեւս բրիտանացիք հասնին կանխահաս ընտրութիւններու…): Կատակասէրներ կ՛ըսեն, որ 10 Տաունինկ Սթրիթէն հեռանալէ ետք, Ճոնսըն հաւանաբար գործազուրկ մնայ, լաւագոյն պարագային գործ մը գտնէ… կրկէսի մը մէջ, դառնայ հտպիտ: Չէ՞ որ քաղաքական կեանքին մէջ ան արդէն բաւական փորձառութիւն շահեցաւ իբրեւ հտպիտ: Կը բաւէ, որ տարազը փոխէ եւ դէմքը գունաւորէ. մազերուն երեւոյթը փոխելու պէտք պիտի չունենայ, ո՛չ ալ հտպիտները զատորոշող գլխարկի: Եթէ յաջողի, կ՛ըսեն նոյն կատակասէրները, կրնայ իր կողքին գործ մը ապահովել նաեւ Տանըլտ Թրամփին եւ այլ խեղկատակ-գործակատարներու (Պայտընը կուսակցական այլ ուղղութեան մը կը պատկանի…):

***

Եթէ Ճոնսընի անփառունակ վախճանին լուրը առաջնակարգ տեղը խլեց լրատու աղբիւրներու ցանկին վրայ` երկրորդականի վերածելով Ուքրանիոյ պատերազմին լուրերը, անդին, նոյն Եւրոպայի մէկ այլ անկիւնը հետաքրքրական զարգացումներ նոյնքան լուսարձակ չգրաւեցին:

Այդ թատերաբեմը Մոլտովան է, ուր բողոքի ցոյցեր պայթած են ընդդէմ երկրի վարչապետին, որովհետեւ ան, Եւրոպայի դուռներուն մուրացկանի դերով կանգնելու համար, տրամադրութիւն ցոյց տուած է քաղաքական եւ մշակութային զիջումներ կատարելու դրացի Պուլկարիոյ: Պուլկարները ախորժակներ ունին Մոլտովայի նկատմամբ, կը փորձեն այդ երկրի մշակոյթը ներկայացնել իբրեւ մէկ «մասնաճիւղը» (ինչպէս միութիւնները կ՛ունենան) իրենց մշակոյթին: Մոլտովացիները չեն ընդունիր եւ ահա, բողոքի շարժում մը ստեղծած են իրենց մանտաթաւոր առաջնորդին դէմ:

***

Բա՜յց… Բրիտանացիներն ու մոլտովացիները` մեզի ի՜նչ: Անոնց առաջնորդները կրնան տապալիլ: Մեզի համար կարեւորը` Հայաստանի այժմու իշխանութեան անսասան մնալն է: Հայաստանի վարչապետը ահաւասիկ կը փաստէ, որ ինք շատ աւելի հզօր է, քան Պորիս Ճոնսըն մը, հոգ չէ թէ 4 տարուան մէջ երկիրը տարաւ կորուստէ կորուստ, անդունդէ անդունդ, կը խոստանայ, իր ուսապարկերուն ձայնակցութեամբ, նորանոր կորուստներ «պարգեւել» մեր հայրենիքին, մի՛շտ «նախկինները» յանցաւոր նկատելով ի՛ր անվիճելի արարքներուն համար (ռուսերն ալ «նախկին» են, չէ՞): Չէ՞ որ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ «Ազրպէյճանին պատկանող հողերը պիտի վերադարձուին անոր» (խօսքը Բերձոր-Աղաւնոյ գօտիին մասին է, որոնք ժամանակին մաս կը կազմէին «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ին եւ հիմա, անցած են «դժբախտ ու անպէտ» Շուշիին, Քարվաճառին, Հադրութին եւ… Գորիս-Կապան ճամբուն, Սեւ լիճի եւ այլոց ցանկին): Չէ՞ որ իր մէկ ուսապարկն ալ Եւրոպայի բեմէն ճակատաբաց եւ յանդուգն կերպով յայտարարեց, թէ «Ազրպէյճանին պատկանող բոլոր հողերը վերադարձուցած ենք»: Ասո՞նք ալ «նախկինները…»:

… Հայութեան բեմին վրայ, կայ նոր «աւանդութիւն»: Կուլ տալ ամէն սուտ, ամէն կորուստ ու նահանջ, այնքան ատեն որ անոնք կը մատուցուին «ժողովուրդին մանտաթը ունինք»-ի թունաւոր կարկանդակին ճամբով: Ընդդիմադիր ճակատին եւ հայրենիքին հաւատարիմ, հայրենիքին պաշտպան ժողովուրդին իրաւունքն է անյապաղ վերջակէտ մը դնել այս այլանդակ «աւանդութեան» եւ հայրենիքը բերել փրկութեան ճամբուն: Փրկարար առաքելութիւնը անպայման պէտք է ընդգրկէ ինքնազգայազրկումի մատնուածները, որոնք կը տուայտին այս իւրօրինակ «աւանդութեան» մէջ (անշուշտ միշտ ալ պիտի ըլլան անյոյս ու կամաւոր խաբուողներ, որոնք սակայն չեն կրնար վճռել հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրը):

7 յուլիս 2022

Նախորդը

Գիտութիւնը` Դաշնակ Նուագելուն Մասին

Յաջորդը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.