ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ
Աւելի քան քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ հանրածանօթ, բազմատաղանդ եւ անխոնջ նուիրեալ մը` Մարօ Մարգարեան-Մինասեանը, իր ետին ձգելով բեղուն եւ օրինակելի կեանք մը, բայց նաեւ խոր ցաւի մատնելով իր զաւակը` Հրայրը եւ ընտանիքը, Ցոլակ Թիւթէլեանի զաւակները, որոնք զինք ընդունած էին իբրեւ հարազատ քոյր, Մինասեանները, Այնճարի ժողովուրդը, ուր իր ընտանեկան բոյնը կազմած էր` ամուսնանալով Վռամ Մինասեանին հետ եւ մեծ ներդրում ունեցած էր իր գիւղի ազգային կեանքին մէջ, ԼՕԽ-ի եւ ՀՕՄ-ի իր գործակիցները, նաեւ իր սիրելի բարեկամները` աշխարհի չորս ծագերուն եւ մանաւանդ հայրենիքի մէջ, ուր ան մնայուն կերպով հաստատուեցաւ եւ շրջապատուեցաւ սրտակից բարեկամներով, ինչպէս` գրագէտ եւ մտաւորական Ալվարդ Պետրոսեանը եւ ուրիշներ:
Այս աննման ու բազմավաստակ հայուհին եղած է անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ, 1970-ական թուականներուն` ըլլալով խստապահանջ դաստիարակ մը այդ սերունդին: Մարոն նաեւ եղած է հոգեբանութեան դասախօս Պոսթընի համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած էր իր մագիստրոսի տիտղոսը հոգեբանութեան մէջ:
Մարոյին կազմակերպչական տաղանդը յայտնաբերուած է, երբ ան ստանձնած է Այնճարի Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի խնամակալութեան ատենապետութիւնը` մեծ յանձնառութեամբ, այնպիսի պահպանողական շրջանի մը` 50 տարիներ առաջ, երբ կիներ դժուար թէ հասնէին նման դիրքի մը:
Հոս կանգ չառաւ մեր բազմավաստակ Մարոյին կազմակերպչական վաստակը: Ան 2000 թուականին կ՛ընտրուի ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, եւ անոր տարած աշխատանքն ու ծառայութիւնը այնքան բարձր կը գնահատուին, որ ան կը վերընտրուի երկրորդ շրջանի մը համար` մինչեւ 2007 թուական: Մարօ Մինասեան իր ժրաջան աշխատանքով կ՛ընդարձակէ ՀՕՄ-ի գործունէութիւններու ծիրը ու մեծ ներդրում կ՛ունենայ հայրենիքի եւ Արցախի մէջ: Աւելի՛ն. նաեւ միջազգային գետնի վրայ ան կը ծանօթացնէ ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը եւ դիրքը` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ եւ քանիցս կը հրաւիրուի ՄԱԿ-ի ժողովներուն, ուր կը ներկայանայ հանրային դասախօսութիւններով:
Հոս տեղին է մէջբերում մը ընել Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ, վսեմաշուք Սերժ Սարգսեանի ցաւակցագիրէն` ուղղուած Մարօ Մինասեանի ընտանիքին: Ան կը վկայէ. «Մարօ Մինասեանի երկար տարիների ջանքերով եւ նուիրուածութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի համար դժուարին ժամանակներում մարդասիրական եւ բարեգործական ծրագիրներով լուծուել են համահայկական բազմաթիւ խնդիրներ: Այդ թւում նրա գործուն մասնակցութեամբ կեանքի են կոչուել ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր եւ մանկան կենտրոնը, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզների ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ապահովուել է դրանց շարունակական գործունէութիւնը»: (Երեւան, 24 մայիսի 2022 – «Ազդակ», 18 յունիս 2022):
Մարոյին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 27 մայիս 2022-ին Երեւանի մէջ` մեծ շուքով եւ իրեն վայել` իր զաւկին Հրայրին, եւ բազմաթիւ բարեկամներու ներկայութեան:
Րաֆֆի, Ալիս եւ Մարալ Թիւթէլեանները իրենց կարգին 19 յունիս 2022-ին, ըստ մեր եկեղեցական օրէնքներուն, Մարոյին քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան ու ցաւակցութեան յայտարարութիւն զետեղած էին մամուլին մէջ:
Հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ. «Մարդ էակը թէ՛ ուրախութեան, եւ թէ ցաւի մէջ մարդու պէտք ունի». այս պարագային էականը նախ յարգել էր հանգուցեալին յիշատակը եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի միջոցով եւ յետոյ մեղմացնել հարազատներուն ցաւը` անոնց կողքին ըլլալով:
«Ես ինծի հարց տուի. «Այդ օրը ո՞ւր էին Մարոյին անցեալի աշակերտները, գործակիցները, Այնճարի իր մտերիմները, ԼՕԽ-ական ընկերուհիները»:
Սիրելի՛ Մարօ, քու վաստակաշատ գործունէութեանդ եւ նուիրումիդ համար դուն արժանի էիր պարգեւատրուելու լիբանանահայ գաղութին կողմէ: Վստահ եմ, որ յիշատակիդ տակաւին պիտի անդրադառնայ լիբանանահայութիւնը:
Մխիթարութիւն` հարազատներուդ:
Յարգանք քու անխոնջ վաստակիդ ու քու անմար յիշատակիդ:
23 յունիս 2022


