Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

July 8, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ

1915-ին երեսուն հազար այնթապահայեր պարտադրաբար կը տեղահանուին իրենց հայրենի բնակարաններէն եւ թրքական պետութեան հրահանգով կ՛ուղղուին դէպի Սուրիա:

1918-1920 թուականներուն կը վերականգնի Այնթապի հայութեան կեանքը, քանի որ Այնթապ ֆրանսական բանակը մուտք կը գործէ: Կը վերաբացուին հայկական քոլեճները: Այս տարիներուն, այնթապցիները կը զինուին` դիմակայելու համար թրքական հաւանական նոր յարձակումը:

Երբ ֆրանսացիք կը տեսնեն հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը, Այնթապի հայոց հերոսամարտը կ՛անուանեն Անատոլի Վերտէօն (տոքթ. Թորոս Թորանեան):

1921-ին ֆրանսական զօրքը կը քաշուի Այնթապէն: Այս առիթէն օգտուելով` թուրք խուժանները (պաշիպոզուքները) վայրագօրէն կը յարձակին հայկական թաղամասերուն վրայ:

Այնթապահայերը ցոյց կու տան կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւն, որուն գլխաւոր կազմակերպիչներէն էր Ներսէս քհնյ. Թաւուքճեանը:

Հայերը յաղթական դուրս կու գան, թուրքերը կ՛ունենան ութ հազար կռուողի կորուստ, իսկ հայերը` հարիւր նահատակ:

Հայերը եօթը հարիւր յիսուն հոգիէ բաղկացած զօրախումբով կը շարունակեն մարտերը մինչեւ մայիսի վերջը: Ապա Ֆրանսան եւ Թուրքիան անսպասելիօրէն Անգարայի մէջ կը կնքեն համաձայնագիր մը, ըստ որուն, ֆրանսական զօրքը պիտի հեռանար Այնթապէն: Այս տխրահռչակ համաձայնագիրը Կիլիկիոյ քաղաքներն ու գիւղերը նոր կոտորածներու վտանգին առջեւ պիտի դնէր:

Այնթապահայերու ինքնապաշտպանութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Յուլիս ամսուն սկիզբը: Մարտերը աստիճանաբար կը սաստկանան: Այնթապցի հայերը ստիպուած կը գաղթեն իրենց հարազատ քաղաքէն դէպի Սուրիա, Լիբանան ու կը սփռուին աշխարհով մէկ:

Հայրենասէր այնթապցիներու ներդրումը մեծ էր Հայաստանի մէջ եւս: Սուրիական բանակի զօրավար Արամ Գարամանուկեանի եւ կնոջ ներդրումով կը կառուցուի երկրորդական վարժարան մը Այնթապ աւանին մէջ:

Հետագային Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ աղաւաղելու համար Այնթապի դիմագիծը: Այնթապի անունին կ՛աւելցնէ նաեւ Ղազի բառը:

Թուրք այնթապաբնակ մտաւորական` Մուրատ Ուչաներ, որ արեւմտահայերէն սորված է նահատակ Հրանդ Տինքի անուան հիմնարկութեան հաշուոյն, Երեւան մեկնած է այնթապցի լուսանկարիչ Խորէն Նազարէթեանի ընտանիքին մասին նիւթեր հաւաքելու: Ըստ անոր, ներկայիս Այնթապի մէջ կ՛ապրին շուրջ յիսուն հազար իսլամացած հայեր: Մուրատ Ուչաներ թարգմանած է երեք գիրքեր, որոնք տակաւին չեն հրատարակուած: Անոնք են` «Այնթապի գոյամարտը», «Այնթապի մէջ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը» եւ «Պատմուածքներ Այնթապի մասին»:

Այս գիրքերուն միջոցով խօսիլն ու գրելը արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակներ էին գրողին համար:

Մուրատ Ուչաներ որոշած է այս տարի` 2022-ին, հրատարակել գիրք մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բնակող  այնթապահայերու պատմութիւնը:

Դամասկոսի համալսարանին մէջ ուսանած տարիներուս ծանօթացայ Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեան եղբայրներուն: Գրիգորը դարձաւ ելեկտրականութեան ճարտարագէտ, իսկ Արթինը` բժիշկ: Անոնց ծնողները` Գէորգ Լոշխաճեան եւ Երանուհի Պապոյեան, գերդաստանի անդամներուն հետ Այնթապէն հասած էին Սուրիոյ Տարաա նահանգի Իզրաա քաղաք, ուր գործած ու դարձած էին հողատէրեր:

Երբ անոնց զաւակները կը մեծնան, կ՛որոշեն վերջնականապէս հաստատուիլ Դամասկոս, ուր բարձրագոյն ուսում կը ստանան: Երիտասարդներուն հօրեղբայրը` Աւետիսը, յիսունական թուականին կը հաստատուի Դամասկոս եւ կը դառնայ նոր բացուած  Ազգ. Զաւարեան վարժարանի հոգաբարձու, ինչպէս նաեւ` ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրեալ գործիչ:

Լոշխաճեան եղբայրները իրենց բարի վարքով դարձան իմ սրտամօտ ու մնայուն բարեկամները: Տոքթ. Արթին իր բժշկական աւարտական  գիտական աշխատանքը ձօնած է հայոց անմահ նահատակներուն: Իսկ ճարարագէտ Գրիգորը իր մասնագիտութեամբ գործուն անդամ եղած է Դամասկոսի հայոց թեմի Թարգմանչաց նորակառոյց վարժարանի շինարարական յանձնախումբին եւ իր լաւագոյն ներդրումը բերած` անոր:

Դիմատետրի էջիս վրայ կը կարդամ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանի հայրենակից Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի գրառած «Այնթապի քայլերգ» քերթուածը:

Լոշխաճեան ընտանիքին անունը ինծի կը յիշեցնէ վերոյիշեալ պատմութիւնը:

«Այնթապի քայլերգ»-ին հեղինակն է այնթապցի Յարութիւն Աղայեանը, իսկ երաժշտութեան մշակման հեղինակը` հալէպահայ ուսուցիչ եւ տնօրէն Լեւոն Թ. Լեւոնեանը:

Ես` Մուսա Լերան զաւակ, կը միանամ հերոս այնթապցիներուն ու կը կրկնեմ իրենց քայլերգը, աւելի ճիշդ` քաջերու երգը.

Հեռու կեցէ՛ք, դո՛ւք` վախկոտներ
Մենք նոր սերունդ ,նոր Հայկեան,
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն, որոնք ինկան:

Մեր ջանքերով վաղն Այնթապին,
Ամպերը գորշ կ՛անհետին,
Զի երկինքին ազատ արեւք,
Փոթորիկէն վերջ կը ծագին:

Մենք համոզուած ենք, գիտակի՛ց,
Թէ կռիւով է ազատութիւն,
Յափշտակել պէտք է նաեւ,
Մեր ազգային փրկութիւն:

Ա՜խ հայրենիք, դո՛ւ Կիլիկիա,
Սրբէ  արցունքն ալ յետին,
Զի քո սիրոյն տառապանքին,
Ապրիլ գիտցաւ այնթապցին:

Այս գրութիւնս, փոխան աղօթքի ու խունկի, թող ըլլայ ոգեկոչում Գրիգոր եւ Արթին Լոշխաճեաններու անմար յիշատակին եւ համայն աշխարհի այնթապցիներուն, որոնք վասն հայրենեաց պայքարիլ գիտնալով ապրեցան:

 

 

Նախորդը

Մարդիկ, Որոնք Կրցած Են Ներել

Յաջորդը

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.