Պիելոռուսիոյ ղեկավար Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կարծիքով` աշխարհի վրայ «սով պիտի ըլլայ»: Եւ ատոր պատճառը միայն ուքրանական հացահատիկի արտածման արգելակումը չէ: Այս մասին հաղորդեց ՊԵԼԹԱ-ն:
«Ամէն օր աշխարհը կը վախցնեն մինչեւ աշուն եւ ձմեռ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն սովով: Սով պիտի ըլլայ, եւ ոչ միայն այն պատճառով, որ ուքրանական հացահատիկը դուրս չէ բերուած», ըսած է Լուքաշենքօ:
Ան Արեւմուտքը մեղադրած է պատժամիջոցներ հաստատելուն համար:
«Դուք կը տեսնէք այն անօգնականութիւնը, որով ամբողջ ՄԱԿ-ը կը փորձէ կանխարգիլել անխուսափելի ճգնաժամը: Աշխարհի 50 երկիրներ խիստ կախեալ են անկէ: Սակայն ասոնք տակաւին առաջին ծաղիկներն են: Պարարտանիւթերու, նաւթամթերքներու բեռնափոխադրումներու նկատմամբ պատժամիջոցներու խենթ մահակը կը սպառնայ խաթարել հետագայ գիւղատնտեսական եղանակները եւ պարզապէս տապալել պարենային շուկաները», աւելցուցած է Լուքաշենքօ:


