Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իրան այցելութեան թուականը յայտնի է: Այս մասին երէկ հաղորդեց «Ահապեր»-ը:
Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին: Ան պիտի հանդիպի Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանային հարցեր:
Նախքան այդ, ԻՐՆԱ երէկ հաղորդած էր, որ Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը` աւելցնելով, որ այս մասին Թեհրանի մէջ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետին համաձայն, եռակողմ հանդիպում կատարելու համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է անցեալ տարի` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումին ընթացքին:


