Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն ծրագրած զինուորական գործողութեան եւ ատոր վերաբերեալ Ռուսիոյ առարկութիւններուն, ըսած է. «Թուրքիան ինք կը լուծէ սուրիական տարածքէն բխող խնդիրները: Եթէ վտանգ ըլլայ, մեր երկիրը պիտի չնայի ուրիշներուն եւ պիտի վերացնէ խնդիրը»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ Ռուսիան իրաւունք ունին Թուրքիոյ բան մը ըսելու:
«Այնպէս չէ, որ Ռուսիոյ իւրաքանչիւր քայլ կը գոհացնէ Թուրքիան: Սուրիոյ հարցին մէջ մեր դիրքորոշումը չափազանց թափանցիկ է», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան Թուրքիայէն խնդրած էր հրաժարիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւն կատարելէ: Այս մասին յայտարարած էր Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւը:
«Զինուորական գործողութիւնը պիտի չլուծէ այն բոլոր խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունին, եւ նախ եւ առաջ` ամբողջութեամբ պիտի չլուծէ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խնդիրը», ըսած էր Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը:


