Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ռազմակայաններու տեղակայումը պիտի չպաշտպանէ Ֆինլանտան եւ Շուէտը, այլ ընդհակառակը` միայն պիտի վտանգէ տեղւոյն բնակիչները: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:
«ՕԹԱՆ-ի ռազմակայաններուն տեղակայումը ո՛չ Ֆինլանտան, ո՛չ Շուէտը պիտի պաշտպանէ: Ընդհակառակը: Հարուածի տակ պիտի դնէ բնակիչները քաղաքներուն, ուր պիտի տեղակայուին զինուորական ենթակառոյցները», գրած է Վոլոտին:
Նախքան այդ, Ֆինլանտայի Լափենրանթա քաղաքի քաղաքապետ Քիմմօ Եարվուն առաջարկած էր քաղաքին մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան տեղակայել:
Վոլոտինի կարծիքով` քաղաքապետին վստահութիւնը, որ ատիկա անվտանգութեան զգացում պիտի ստեղծէ, սխալ է, որովհետեւ տագնապի պարագային նախ եւ առաջ հարուածները ուղղուած կ՛ըլլան հակառակորդի զինուորական ենթակառոյցներուն:


