Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

July 6, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 21 յունիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ արտակարգ վիճակէն ետք կարօտով կը սպասէին հաւաքական աշխատանքներուն, հանդէսներուն, ծնողական հանդիպումներուն եւ դասարանային պտոյտներուն: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն` ան ըսաւ. «Սիրելի Կանաչ դասարանի փոքրիկներ, եղէ՛ք միշտ ուրախ, առողջ եւ յաջող: Տարիները շուտ կ’անցնին, եւ տասներկու տարիներ ետք դարձեալ բեմ պիտի բարձրանաք` աւելի մեծցած, եւ այս անգամ պիտի ստանաք Ճեմարանի վկայականը»: Այնուհետեւ մանկապարիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն, որոնք հակառակ անցնող երկու ծանր տարիներու համաճարակային, տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամային պայմաններուն, շնորհիւ իրենց կամքին եւ հայ դպրոցին առաքելութեան հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին, կանգուն պահեցին Ճեմարանի մանկապարտէզը: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը, Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հակառակ վերոյիշեալ դժուար պայմաններուն` իրենց զաւակները վստահեցան Նորսիկեան մանկապարտէզին եւ նեցուկ կանգնեցան վերջինիս:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները գունաւոր հագուստներ հագած` երգեցին հայերէն եւ արաբերէն երգեր, նուագեցին, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Լիբանանը, Յունաստանը, Ռուսիան, Պրազիլն ու Հայաստանը եւ պարեցին իւրաքանչիւր երկրէ ազգային պար մը:

Հանդէսի աւարտին Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Գաբրիէլեան Նարօտ, Ժուտիեհ Գայիանէ, Ճէրէճեան Անի, Սերայլեան Լիանա, Սեփեթճեան Արին, Տէր Պօղոսեան Տեսիլ-Ռիթա, Արթին Ճոն-Լուի, Կարապետ Ովկիան, Մենզոյեան Ալեքս, Նիզեան Սեւակ, Պարսումեան Վահագն, Փեհլուլեան Միհրան, Թիթիզեան Վանայ, Խանճեան Սիել, Մահտեսեան Ռուպի, Մարկոսեան Լիլա, Սագայեան Սեւանայ, Գէլեան Հրակ, Գէլէքեան Սուրէն-Սերժ, Խորոսեան Դրօ, Մանուկեան Կարէն, Մսըրլեան Մենուա, Ներսէսեան Ֆրետերիք, Քենտիրճեան Կարօտ-Արա եւ Քենտիրճեան Դրօ-Դաւիթ:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, զոր երգեցին Նորսիկեան մանկապարտէզի վկայեալ աշակերտները:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Վերականգնման Հարցին Մէջ` Յոյս Եւ Մտավախութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Ոգիով Հզօրացած` Դպրեվանքը Բացաւ 2026-2027 Տարեշրջանի Դռները

October 14, 2026
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում
Գաղութային

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Վեցերորդ Տարելիցի Նշում

October 14, 2026
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով.  Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն
Գաղութային

Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով. Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.