Ռուսիան կը դադրեցնէ Եւրոպական խորհուրդի մասնակի եւ ընդլայնուած համաձայնագիրներուն իր մասնակցութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին հրամանագիրը ստորագրած է Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին:
«Նասթոյաշչեյէ Վրեմիա»-ի համաձայն, խօսքը ութ համաձայնագիրներու մասին է, որոնց մասնակցութիւնը կ՛աւարտի 16 մարտ 2023-ին:
Եւրոպական խորհուրդը Ուքրանիոյ վրայ յարձակումին յաջորդ օրը` 25 փետրուարին որդեգրած է կազմակերպութեան կանոնադրական կառոյցներուն մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը «սառեցնելու խտրական որոշում:
15 մարտին Ռուսիան դուրս եկաւ Եւրոպական խորհուրդէն:
Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդը Եւրոպայի միջպետական հնագոյն կազմակերպութիւնն է: Անիկա ստեղծուած է 1949 թուականին:
Կառոյցին հիմնական նպատակը եւրոպական երկիրներու համագործակցութիւնն է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ: Ռուսիան Եւրոպական խորհուրդին անդամակցած է 1996 թուականին:


