«Սփիւռքի տարի»-ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած առցանց հանդիպումներուն 4-րդը յատկացուած էր տեղեկագիտութեան: Ժողովին նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Առցանց նիստին մասնակցեցան «Սփիւռքի տարի»-ին աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամներն ու այս մարզին մէջ աշխատող մասնագէտներ: Նիստին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր «Սինոփսիս» կեդրոնի եւ Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճի (Armenian Virtual College) համահիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան:
Վեհափառ հայրապետը բացումը կատարելով նիստին` խօսեցաւ այսօրուան աշխարհակարգին գլխաւոր երկու յատկանիշներուն մասին` փոխկապակցուածութիւն (Interconnectivity) եւ յարաբերութիւն-հաղորդակցութիւն (Communication):
Հայրապետը խօսեցաւ աստուածաբանական առումով տիեզերքի արարչագործութեան, այդ բոլորին մէջ ներդաշնակութեան եւ մանաւանդ մարդուն կողմէ արարչագործութեան պարգեւներուն ճիշդ օգտագործման հրամայականին մասին: Այս համեմատութիւնը նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այսօրուան տեղեկագիտական արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները օգտակար նպատակներու ծառայեցնելու մեր հայեցակարգի մշակման ընթացքին:
Անդրադառնալէ ետք սփիւռքեան բազմագոյն, բազմաշերտ, շատ տեղեր խոպան եւ անկազմակերպ իրավիճակներու, կաթողիկոսը շեշտեց, որ այս բոլոր խնդիրներու գոյքագրման եւ կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ այնպէս պէտք է ընել, որ առաւելագոյնս ներդաշնակ եւ օգտակար եղանակներով կարելի ըլլայ արհեստագիտական նորարարութիւնը լաւագոյնս օգտագործել համասփիւռքեան ծրագիրներու մշակման եւ կիրարկման համար:
Այնուհետեւ դոկտ. Զօրեան զեկուցեց տեղեկագիտական արհեստագիտութեան արդի ուղղութիւններուն մասին` արագ ակնարկով ներկայացնելով այս մարզի հոլովոյթը: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր 10 տարի աշխարհը ականատես եղած է արհեստագիտական յեղափոխութեան մը, որ բոլորովին նոր հունաւորում բացած է այս մարզին մէջ: Համակարգիչէ համացանց, ապա շարժուն-խելացի (smart-mobile) համակարգ անցումներէն ետք այսօրուան ուղղութիւնը կեդրոնացած է արհեստական բանականութեան վրայ (artificial intelligence):
Մասնագիտական զեկուցումին եւ այնուհետեւ անոր հետեւած քննարկումի ընթացքին ընդգծուեցան հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Տուեալներու հաւաքագրումը խիստ կենսական է սփիւռքի գոյքագրման եւ մասնագիտական մարդուժի ցուցակագրման աշխատանքին համար մնայուն նորացուող շտեմարան ունենալու համար:
Բ.- «Չիփեր»-ու այսօրուան արտադրութեան ճարտարագիտութիւնը հիմնուած է ծաւալի փոքրացման, բազմապատկուած տուեալներու ներառման եւ արագութեան բազմապատկութեան սկզբունքներուն վրայ: Հայկական տեղեկագիտական գործօնը այս նոր ուղղութիւնը նկատի պէտք է ունենայ իր ցանցային աշխատանքները կազմակերպելու ընթացքին:
Գ.- Այսօրուան աշխարհակարգը կ՛աշխատի ապակեդրոն, ապամեկուսացուող եւ անվերջ նորացուող դրութիւններով: Մեր աշխատանքներուն մէջ այս աշխատակարգը նկատի ունենալ` յատկապէս մեր դասական կառոյցներէն դուրս գտնուող զանգուածներուն հետ կապ հաստատելու համար:
Դ.- Մեր կրթական, մշակութային եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ոչ միայն արխիւը, այլ ամբողջ աշխատելաեղանակը ամբողջական համակարգչայնացումի եւ թուայնացումի անյետաձգելի պահանջին առջեւ կը գտնուին: Սփիւռքի տարուան առիթով այս աշխատանքին պէտք է թափ հաղորդել կառոյցներու պատասխանատուներուն մօտ` քաջալերելով այս անհրաժեշտութեան ընդառաջ գործի լծուիլը:
Ե.- Յատուկ ծրագրաւորումներով յառաջացնել cyber community` մասնագիտական հիմունքներով:
Նիստի աւարտին վեհափառը գոհունակութիւն յայտնեց այս խիստ արդիական թեմային ընդառաջ կայացած առաջին նիստին համար եւ շեշտեց այս բոլորը մեր մարդկային ու ազգային արժեհամակարգի գերադասումով բանեցնելու կարեւորութիւնը: Հայրապետը այս առումով վեր առաւ համասփիւռքեան եւ համահայկական նպատակներու շուրջ համախմբումներ յառաջացնելու եւ կայուն ու գրաւիչ թեմաներով երիտասարդ խաւը ներգրաւելու եւ հնամաշ գաղափարներէ ու գործելաոճերէ դուրս գալով` ներկայ արհեստագիտութիւնը լիարժէք օգտագործելու համար անխոնջ աշխատելու հրամայականը:


