Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբալոյս Միւռոն` Անցեալի Հաւատք, Ներկայի Պատգամ Եւ Ապագայի Տեսիլք

July 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԱԲՂ. ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Մասնակի ակնարկութիւններով ու ընդարձակ բացատրութիւններով օծման անուշաբոյր իւղին` երկնաբոյր միւռոնին, նախագործածութեան ձեւն ու պատրաստութեան մանրամասնութիւնները կը տեսնենք Հին կտակարանի էջերուն մէջ: Սակայն քայլ մը աւելի խորանալով` զայն կը գտնենք Հայր Աստուծոյ ստեղծագործ խօսքին մէջ, երբ Ան կ՛արարչագործէ լոյսը, որ ընդմիշտ բարի եւ սուրբ է: Ահաւասիկ սրբալոյս միւռոնին նախապատկերը` ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ: Հոն, տեսանելի ու շօշափելի իւղէ մը անդին, կը պատկերուի աստուածային զօրութիւնը, որմէ կոյրեր լոյս աշխարհի կը ծանօթանան, կաղեր կը քալեն, համրեր կը խօսին ու ախտեր կը փարատին: Այո՛, յաւիտենական փայլատակումէն մեզի հասած զգալի ճառագայթ մըն է միւռոնը:

Որքա՜ն անիմանալի ու անըմբռնելի մեծութիւն է Աստուած, որ Իր իսկ արարչագործութեան ընդմէջէն կը մօտենայ Իր ստեղծագործութեան: Կենսատուն կենսունակ բերքով կ՛այցելէ մարդկութեան, կ՛օծէ ու կը սրբէ զայն: Տէրը գետնէն բուսած ծաղիկներով, անոնց հիւթերով, կնդրուկի տեսակներով, ստորերկրեայ արմատներով ճոխացուած ձիթաիւղով երկինքը կը միացնէ երկրին` տաճարներ ու քահանաներ օծելով: Արդարեւ, Աստուծոյ պարգեւատու աջին առատաձեռնութեան պերճախօս արտայայտութիւնն է միւռոնը: Անհասկնալի, բայց իրաւ…

Այս յօդուածով, մարդկային կարողութեան սահմաններուն մէջ, սրբալոյս միւռոնէն բխող լոյս ճշմարտութիւնները փոխանցելու ճիգն է, որ պիտի կատարուի: Ուստի կեդրոնանանք միւռոնի խորհուրդը յայտնող երեք իրականութիւններու վրայ.

Ա) Միւռոնը հաւատք է: Սովորական անուշաբոյր իւղ ըլլալէ վեր, քրիստոնէական վսեմ հաւատքին արտայայտութեան ամենահարազատ ու տիեզերականացած արտացոլացումը հանդիսացած է միւռոնը: Չկայ քրիստոնեայ` առանց միւռոնաօծութեան: Աւանդական կոչուած եկեղեցիներու ընտանիքին մէջ միւռոնը սրբութիւն սրբոց կը սեպուի: Այսպէս. ինչպէս գինին ու նշխարը Աստուածային խորին խորհուրդով ճշմարտապէս կը փոխարկուի մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի արեան ու մարմնին, նոյնպէս բազմատեսակ իւղերու, հիւթերու, արմատներու ու ծաղիկներու միացումով գոյացած միւռոնը աղօթքներով ու շարականներով կը փոխարկուի աստուածային շտեմարանի, ուրկէ կը բաշխուին Ս. Հոգւոյն շնորհքները (Կիւրեղ Երուսաղէմացի): Ուրեմն Քրիստոսի արեան ու մարմնոյն չափ անհրաժեշտ է միւռոնի օծութիւնը: Միւռոնի միջոցով Սուրբ Հոգին կը հանգչի մեր վրայ, իսկ դրոշմի խորհուրդով ամենասուրբը կը մաքրէ մարդուն մարմնի անդամները եւ կը վերածէ նորաօծ տաճարի (Կղէմէս Աղեքսանդրացի): Հետեւաբար այս իւղով օծուածները միայն կարելի է քրիստոնեայ կոչել, որովհետեւ միւռոնով մարդկային ամբողջ էութիւնը կ՛օծուի ու կը սրբուի. միւռոնով մարդը կը դառնայ Աստուծոյ օծեալը, այսինքն` Քրիստոսի ուղիէն ընթացողը (Ս. Կիպրիանոս): Այս բոլորը գիտնալով` կարելի չէ միւռոնը դիտել յատուկ նեկտարներու ու արմատներու միախառնումով պատրաստուած լոկ անուշաբոյր իւղ, այլ հարկ է հայիլ անոր իբրեւ շարժում ու կեանք ունեցող իրականութիւն: Ձիթաիւղը կամ բալասանը չէ, որ զայն կը վերածէ աստուածային զօրութեան: Միթէ կլիմայական պայմաններու բերումով աճող բոյսը Տիրոջ օրհնաբեր ներկայութեան երաշխի՞քն է: Քա՛ւ լիցի: Հայ աշխարհի ցուրտ օդին պատճառով նաեւ շուշմայի ձէթով պատրաստուած է միւռոնը, եւ սա, տառէն անդին, ոգիին նկատմամբ մեր ունեցած կառչածութեան ապացոյցն է: Մեր հաւատքին համաձայն, հայրապետին աղօթքն ու օրհնութիւնն է, որ աստուածային շնորհքը կը միացնէ ձէթին հետ: Հետեւաբար առաւել կամ նուազ բան չկայ, եթէ ձէթը ծառի պտուղէն կամ բոյսէն հանուած ըլլայ (Ս. Ներսէս Շնորհալի):

Այսպէս բնորոշուած է միւռոնը սուրբ հայրապետներուն կողմէ: Այսպէս հաւատացած են մեր նախնիները: Այս աւանդուած է մեզի, եւ մենք ա՛յս հաւատքով ու հաւատարմութեամբ կը պահենք աւանդութիւնը ու ա՛յս գիտակցութեամբ կը մօտենանք սրբալոյս միւռոնին:

Բ) Միւռոնը պատգամ է: Իր մէջ գաղափար ունեցող իւրաքանչիւր բառ, իւրաքանչիւր նախադասութիւն եւ իւրաքանչիւր արտայայտութիւն նշանաբան մը կամ կարգախօս մը կը բովանդակէ: Իսկ իր մէջ կեանք ունեցող իւրաքանչիւր նիւթ երկնային պատգամ մը կը փոխանցէ: Աշխարհ մոլորակը, իր ունեցած կենսատու նիւթերով, զԱստուած քարոզող ու Արքայութիւն նկարագրող հռետոր վկան է: Իսկ այս նիւթերուն միացումով գոյացած միւռոնը առաքինի գաղափարներու ու քրիստոսաւանդ ուսուցումներու ամբողջութիւնն է:

Դարերէ եկող, սակայն չհինցող. պատմութենէն եկող, սակայն պատմութեան մէջ չթաղուող միւռոնի պատգամներէն է շուրջ 90 տարի առաջ երջանկայիշատակ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսի Անթիլիասի մայրավանքին մէջ արտասանած մէկ խօսքը, որ եղբայրական սերտ զգացումներով զարդարուած համերաշխութեան կոչ մըն էր ժողովուրդին: Թերեւս ան պահ մը մտովի կը միանար 1915-ի նահատակներուն, կը յիշէր արիւնաօծ բազմութիւնը հայորդիներուն, եւ առ Տէր կ՛աղաչէր, որպէսզի օրհնուած միւռոնով հաստատուին խաղաղութիւնն ու սէրը հայ հասարակութեան մէջ:

Միւռոնի յաւիտենական պատգամներէն է իրերահասկացողութիւնը: 1949-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խորհրդանիշ եւ սիրտ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարէն հնչող երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի ձայնը հայութիւնը կը հրաւիրէր իրերահասկացողութեան: Կը յիշեցնէր երջանկայիշատակ հայրապետը, որ միւռոնը հայուն համար ինքնութեան օծում է եւ` պատմական գիտակցութեան դրոշմ:

Միութեան կը կանչէր միւռոնը երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին բերնով: Աղերս ունէր հայրապետը, որ Սուրբ Հոգին իջնէ հայ ազգին վրայ, եւ այդպիսով անիկա դառնայ մէկ հօտ, մէկ հովիւ եւ մէկ եկեղեցի` միւռոնով օծուած եւ անքակտելի կերպով իրարու միացած:

Պարտաճանաչութեան ոգին էր, որ կը փոխանցուէր սուրբ խորանէն 1965-ի մայիսին, երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի պատգամով: Ան միւռոնին մէջ կը տեսնէր պարտաճանաչութեան պատգամը, որ երկնաձիր է ու ցանկալի: Նման` միւս հայրապետներուն, ան եւս կ՛աղօթէր առ ամենակալն Աստուծոյ, որ անփորձանք ու անխռով պահէ հայ միւռոնով օծուած փառապանծ ազգը հայկազնեան:

Հայութիւն կը պատգամէր միւռոնը երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին համար: Հայ էր ան, որ կը մկրտուէր հայ աւազանէն ու կը դրոշմուէր բուրումնաւէտ հայ միւռոնով:

Ահաւասիկ սրբալոյս միւռոնը տասնամեակներ ու դարեր շարունակ աշխարհը յուզող տագնապներուն ու դժուարութիւններուն ուղեցոյց պատգամներ փոխանցեց մեր հայրապետներուն լուսաբաշխ ու հոգեշահ խօսքերուն ընդմէջէն:

Իսկ վաղուան համար լո՞ւռ է միւռոնը: Բնա՛ւ երբեք…

Գ) Միւռոնը տեսիլք է: Միւռոնը միւռոնուածին համար մտքի լոյս եւ խոհականութեան հուր է: Իբրեւ քրիստոնեաներ` ապագան կը դիտենք յուսով ու տեսիլքով: Այս տարի տեսիլքի ու յոյսի իւղն է, որ կ՛օրհնուի ու կը պատրաստուի` երեխաները Աստուծոյ որդիներ եւ մարդը ապագայատեսիլ երկնախօս արարած դարձնելու: Այս գաղափարներուն ներշնչումը կը գտնենք Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամներուն մէջ: Միւռոնը անցեալէն ներկայ, ու ներկայէն ապագայ երկարող իբրեւ ոսկեայ օղակ կամուրջ կը ներկայացնէ վեհափառ հայրապետը, եւ հրաւէր կ՛ուղղէ հայ ազգին այդ ճամբէն քալելու: Նորին սրբութիւնը հայութեան հորիզոնին վրայ ինքնավստահութեան ոգին ամրապնդելու տեսիլքը պարզելով` կ՛ըսէ. «Մենք անցեալ չենք, մենք պատմութիւն չենք, այլ անցեալէն եկող ու ներկայի մէջ ապագան տեսիլքով ապրող ու պայքարող ազգ ենք… Միւռոնը մեզ ապագային նայելու ամուր ինքնավստահութեամբ ու պայծառ տեսիլքով կը ջրդեղէ` մեր կեանքը աստուածային շնորհքներով հարստացնելու, մեր հաւատքը զօրացնելով, մեր վճռակամութիւնը կռանելով, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորելով»:

Երիտասարդը միայն ներկան խանդավառողը, ոգեւորողն ու ներշնչողը չէ, այլ` ազգի մը գոյատեւման երաշխիքը: Եթէ կ՛ուզենք սերունդներու գանձ մը ժառանգել, արժէք մը փոխանցել կամ սրբութիւն մը պահել, երիտասարդութիւնը պէտք է կռանել: Վեհափառ հայրապետը 2008-ին ապագայասլաց պատգամով միւռոնօրհնութեան պահուն երիտասարդութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէր` ըսելով. «Արթո՛ւն կաց, հա՛յ երիտասարդ, ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան քու շուրջդ փչող հովերն ու հոսանքները թող չհեռացնեն քեզ քու արմատներէդ… Դուն քու ճակտիդ ունիս դրոշմը հայ միւռոնին: Ամո՛ւր պահէ հաւատքդ, անբի՛ծ` հայ միւռոնը, ու ներկայ աշխարհի փոթորիկներուն մէջ կեանքդ վերածէ հոգեւոր ու ազգային արժէքներով օծուն միւռոնաբոյր կեանքի»:

Ազգի մը համար նահատակներ յիշելը հաւաքական գիտակցութեան նշանն է: Իսկ փոքր ազգի մը համար նահատակները ոգեկոչելը սրբութիւն է: Այս սրբութիւնը կարելի է պահել ու ապագայի գիտակցութեան վերածել միայն պահանջատիրական ոգիով: Վերջապէս, 2015-ի միւռոնօրհնէքին վեհափառ հայրապետին կողմէ ճշդուեցաւ մեր յառաջիկայ 100-ամեակը ապահովող եռաբառ նշանաբանը` «Յիշել, յիշեցնել ու պահանջել», այլ խօսքով` անցեալը չմոռնալ, ներկային յիշեցումներ կատարել եւ ապագային համար պահանջել: Հայրապետը իր պատգամին մէջ կ՛ուխտէր պահանջատիրական երթը վերանորոգ հաւատքով շարունակել եւ միւռոնի երկնային զօրութիւնը կը միախառնէր հայ ազգի գոյապայքարի կամքին` ըսելով. «Սրբալոյս միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` մեր պահանջատիրական պայքարը միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»:

Այս բոլոր ճշմարտութիւններուն լոյսին տակ արժան է, որ հիմա, յօժար ծնրադրութեամբ եւ կատարեալ երկիւղով, Սուրբ Հոգւոյն տեսանելի ու շօշափելի ներկայութեան դիմաց դողդղալով` առ Աստուած երգել. «Սո՛ւրբ, սրբէ անդրանիկդ` հայ ազգը ողջ, մեղքերէ ու յանցանքներէ: Սո՛ւրբ, բժշկէ վկաներդ, ախտերէ ու անճարակ հիւանդութիւններէ: Սո՛ւրբ, փրկէ ժողովուրդդ երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ: Ամէն»:

 

 

Նախորդը

Հիմա՛ Հայացանք

Յաջորդը

Սրբալոյս Միւռոնը Հայ Եկեղեցւոյ Միութեան Խորհրդանիշ Է

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.