Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբալոյս Միւռոնով Կը Քրիստոնէանանք, Սրբալոյս Միւռոնով Զօրանանք…

June 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Միւռոն բառը կու գայ յունարէնէ (μύρον), որ կը նշանակէ  անուշաբոյր իւղ: Սուրբ միւռոնի գործածութիւնը հարիւրամեակներու պատմութիւն չէ՛ եւ ո՛չ ալ եկեղեցւոյ կողմէ աւելցուած իրականութիւն, ինչ որ շատեր սխալ կը կարծեն ու դժբախտաբար կը պնդեն:

Եթէ Աստուածաշունչը լաւապէս ընթերցենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, որ սրբալոյս միւռոնի գործածութիւնը կու գայ Տիրոջ գիրքէն եւ Անոր պատուէրներէն. «Սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն` իւղագործի արհեստով բաղադրուած: Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ: Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը» (Ելք 30.25-27): Օրինակ մըն ալ` Նոր կտակարանէն. «Աշակերտները գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել, որ ապաշխարեն: Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ ԻՒՂՈՎ Կ՛ՕԾԷԻՆ եւ զանոնք կը բժշկէին» (Մր 6.12-13): Ահաւասիկ` սուրբգրային արձանագրուած օրինակներ: Տակաւին կան շատ ու շատ օրինակներ, որոնք կարելի է յիշել, սակայն այստեղ կ՛ուզենք անդրադառնալ սրբալոյս միւռոնի կարեւորութեան ու ազդեցութեան մասին:

Սրբալոյս միւռոնով կը քրիստոնէանանք, բոլորս մեր մանուկ հասակին կու գանք Տիրոջ տունը` կրելու Իր անունը, այլ խօսքով` ստանալու քրիստոնէական անձնագիրը: Քրիստոսի անունը կրելու պատիւէն աւելի մեծ պատիւ ոչինչ կայ: Անոր անունով մկրտուիլ, օծուիլ եւ քրիստոնէանա՜լ:

Սրբալոյս միւռոնով Տիրոջ դեսպանները կը դառնանք, ծնրադիր Տիրոջ առջեւ երթալով ու անոր կամքին դիմաց խոնարհելով` Իրեն եւ Իր ժողովուրդին կը նուիրուինք, սակայն յիշեալ օրինակին ամէնէն յիշատակելի, ազդող եւ յուզող պահը ս. միւռոնով մեր ճակատները օծուելու եւ նոր անուն կրելու պահն է:

Սրբալոյս միւռոնը մեզ նոր մարդ կը դարձնէ` մեր ետին ձգելով հինը, աշխարհիկը: Ս. միւռոնը կը յիշեցնէ մեզ, որ այլեւս աշխարհին չե՛նք պատկանիր, այլ միայն ու միայն` Տիրո՛ջ ու Անոր կամքին եւ օրէնքներուն:

Սրբալոյս միւռոնը կը զօրացնէ մեզ, կը զօրացնէ այնքան, որ չարին ու անոր որոգայթներուն դիմաց մեզ աննկուն եւ անսայթաք կը պահէ:

* * *

1 յուլիս 2022-ի երեկոյեան Արամ Ա. սրբազնագոյն կաթողիկոսի օծեալ ձեռքով եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի` հաւատքի հօր աջով պիտի օրհնուի միւռոնը նոր` Հայ եկեղեցւոյ: Անով դարձեալ պիտի քրիստոնէանան մանուկներ, հրաւիրուին եւ օծուին Տիրոջ նոր դեսպան` մշակներ, Տիրոջ տուներ` եկեղեցիներ եւ սպասներ: Անով դարձեալ պիտի զօրանան մեր ճակատները, սիրտերը, ձեռքերը, ոտքերն ու կռնակները:

Անթիլիաս` հայութեան կեդրոն պիտի ժամանեն բազմահարիւր հաւատակից քրիստոնեաներ, որոնք իրենց աչքերը անթարթ նայուածքով հայրապետին ձեռքերուն պիտի ուղղեն տեսնելու համար օրհնութիւնը սրբալոյս միւռոնի: Սրտայոյզ եւ հոգեթով պահ, որ բոլորս անհամբեր կը սպասենք:

Այդ օրը ուխտաւորներուս սիրտերը կը տրոփեն համահաւասար` սրընթաց, քանզի Հոգին Սուրբը կը հանգչի բոլորիս վրայ, ինչպէս աշխարհի ստեղծագործութեան ընթացքին «ջուրերուն վրայ կը շարժէր» (Ծն 1.2):

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռէն ուխտեալ միաբաններս, գլխաւորութեամբ  Արամ Ա. հայրապետին, աղօթող ենք ու մաղթող, որ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ համայն մարդկութեան միջեւ տիրէ խաղաղութի՜ւն, եւ մանաւանդ հայրենիքին` փայլատեսիլ ապագայ, Արցախին` վերանկախութիւն, Լիբանանի քաղաքացիներուն` համբերութիւն եւ հոգեւորականաց դասին` անշեղ հաստատակամութիւն: Ամէն:

 

 

 

Նախորդը

Երանգապնակ` Սեւ Երիզով

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Մասնակցի Կառավարութեան Կազմութեան Ոչ Պարտադիր Խորհրդակցութիւններուն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.