Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը, Թուրքիան Եւ Ղազախստանը Ստորագրած Են Պաքուի Հռչակագիրը. Անդրադարձ Կատարուած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին

June 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարներու առաջին եռակողմ հանդիպումը, որուն բացումին ընթացքին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով խօսած է եռակողմ հանդիպումի նշանակութեան մասին եւ ընդգծած եռակողմ ու շրջանային համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Այս մասին կը գրէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:

Պայրամով նշած է, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երեք երկիրները հետաքրքրող հարցերու շուրջ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու հիման վրայ շրջանային կապերու համակարգման եւ ամրապնդման նպատակով:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ համագործակցութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուի ընդլայնել «Պաքու-Թիֆլիս-Կարս» (ՊԹԿ) միջանցքի կարելիութիւնները:

«Մենք քննարկեցինք նոր իրողութիւնները, որոնք ի յայտ եկած են ազրպէյճանական տարածքներու հայկական բռնագրաւումէն ազատագրումէն ետք: Զանգեզուրի միջանցքը յատուկ դեր կը խաղայ Եւրոպական Միութեան երկիրներու, Թուրքիոյ եւ Ասիոյ ուղղութեամբ երթուղիի ստեղծման գործին մէջ», ըսած է Պայրամով:

Հանդիպումի աւարտին ստորագրուած է Պաքուի միացեալ հռչակագիրը: Պաքուի հռչակագիրը ստորագրած են Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ղազախստանի արտաքին գործոց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարները:

«Մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւն հաստատուած է: Այսօր մենք առաջին անգամ ըլլալով ստորագրեցինք եռակողմ համագործակցութեան հռչակագիր: Մենք փոխադրամիջոցներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը կը նկատենք շատ կարեւոր եւ հեռանկարային: Այսօր ստորագրուած Պաքուի հռչակագիրը կարեւոր դեր պիտի խաղայ այս բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընդլայնման եւ համապատասխան աշխատանքային խումբի ստեղծման գործին մէջ», ըսած է Պայրամով:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիան կ՛աջակցի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ջերմացման ուղղուած երկխօսութեան եւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի անյապաղ բացման: Այս մասին հաղորդեց «Թերթ»-ը:

Չաւուշօղլու իր ազրպէյճանցի ու ղազախ պաշտօնակիցներուն հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Մենք վճռականօրէն կ՛աջակցինք «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, որ կապ պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի արեւելեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ»:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Թուրանական Կամուրջի Կասեցումն ու «Ռեւանշիստական» Ուժերը

Յաջորդը

ՄԱԿ. «Մեր Հաւաքած Տեղեկութիւնները Կը Հաստատեն, Որ Իսրայէլեան Ուժերը Արձակած Են Ապու Աքիլան Սպաննած Փամփուշտները»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.