Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Սթոլթենպերկի Հետ Քննարկած Է Շուէտի Եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Հարցը

June 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահական պալատի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` դաշինքին միանալու դիմումին վերաբերող հարցեր:

Հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Էրտողան զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան պէտք է շօշափելի եւ անկեղծ քայլեր որդեգրեն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ անոնց առնչակից կազմակերպութիւններուն նկատմամբ:

Ան նաեւ շեշտած է, որ նշեալ երկու երկիրները պէտք է խոստանան ջնջել Թուրքիոյ պաշտպանական ոլորտին արտադրութիւններ մատակարարելու արգելքը եւ ապագային անգամ մը եւս այդպիսի քայլերու չդիմեն:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ Էրտողան նոյն հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնի հետ եւ նոյն պահանջները անոր ներկայացուցած: Աւելի ուշ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Էրտողան յայտարարեց, որ Շուէտի վարչապետին եւ անոր նախարարներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու հարցին մէջ դիրքորոշման յառաջընթաց չէ արձանագրուած»:

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Աքթայ երէկ իր կարգին նշեց. «Թրքական իշխանութիւնները մինչեւ հիմա Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ չեն տեսներ շօշափելի քայլեր, որոնք Անգարան կրնան մղել երկու երկիրներուն ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը վերատեսութեան ենթարկելու»:

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Աքթայ ըսած է. «Շուէտէն ու Ֆինլանտայէն որոշակի քայլերու կը սպասենք, սակայն մեզ բաւարարող որեւէ քայլ տակաւին չորդեգրուեցաւ: Տակաւին այդ փուլին չհասանք, եւ երբ հասնինք, հարցումներ պիտի չմնան»:

«Մեր երկրին համաձայն, ՕԹԱՆ-ը անվտանգութեան ծածկոյթ մըն է, ուստի անոր մաս կազմող բոլոր երկիրներն ալ հասարակաց սահմանները պաշտպանելու յանձնառութիւններ ունին, եւ չենք ուզեր, որ ՕԹԱՆ-ի սահմաններուն մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու աջակցող պետութիւններ ըլլան: Մեր դիրքորոշումը այս է», ըսած է Թուրքիոյ փոխնախագահը:

 

Նախորդը

«Հաւանական Է, Որ Հիւլէական Բանակցութիւնները Վիեննայի Փոխարէն Ծոցի Երկիրներէն Մէկուն Մէջ Շարունակուին» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Եւ Ուքրանիոյ Տագնապին Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.