Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալական Օժանդակութեան Նախաձեռնութեամբ. Պուրճ Համուտի Մէջ Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն Վնասուած 143 Բնակարաններ Վերանորոգուեցան Եւ 150 Ընտանիքներ Ու Փոքր Վաճառատուներ Օժանդակութիւն Ստացան

June 25, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումին հետեւանքներն ու զանոնք յաղթահարելու ճիգերը տակաւին առանցքային ուշադրութեան եւ հոգածութեան օրակարգ կը կազմեն պատկան մարմիններուն մօտ: Այս ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան չորեքշաբթի, 22 յունիս 2022-ի առաւօտուն  քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Իտալական գործակցութեան եւ բարգաւաճման գործակալութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նշեալ գործակալութեան պատասխանատուներէն Քորատօ Տէ Տիօ, Թոնելլա Արտիթթօ, Սիմոն Ապու Ժաուտէ, եւ Չիրօ Տա Քոնզօ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան  պատասխանատուներ:

Այս առիթով օժանդակութեան ծրագիրի տնօրէն Տա Քոնզօ պարզեց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, ըստ որուն նշեալ գործակալութիւնը օժանդակած է Պուրճ Համուտի մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած 143 բնակարաններու վերանորոգման, ինչպէս նաեւ օժանդակած է 150 ընտանիքներու եւ յատուկ սարքեր ու կազմածներ տրամադրած փոքր վաճառատուններու` շրջանին մէջ առեւտուրի վերաշխուժացման ծիրին մէջ:

Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան բարձր գնահատեց իրագործուած աշխատանքը` միաժամանակ նշելով շրջանի բնակչութեան գոհունակութիւնը այս նախաձեռնութեան գծով: Մարտիկ Պօղոսեան նաեւ վերահաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ուղեգիծը` նուիրատու զօրակից ընկերութեանց եւ քաղաքացիական ընկերութեան աշխատանքներու դիւրացման ու անոնց հեզասահ ընթացքին գծով, ուր վերանորոգման դիմումներու ոչ մէկ նախապայման կայ, բացի օրինական պահանջներէ: Քաղաքապետ Պօղոսեան մաղթեց, որ այս աշխատանքին ամբողջացումը առիթ ըլլայ նմանօրինակ նոր ծրագիրներու գործադրութեան: Այս ծիրին մէջ ան թուեց շրջանի բնակիչներուն անմիջական, հրատապ կարիքները:

Իրենց կարգին, իտալական նշեալ գործակալութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին նուիրատու  պատկան կողմերու ցուցաբերած գնահատանքը հարցերու մօտեցման այս հոգատար տրամադրութեան գծով` միաժամանակ վերահաստատելով իրենց զօրակցութիւնը վնասուած շրջաններուն եւ առհասարակ Լիբանանին:

Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց վերանորոգման նպաստէն օգտուած բնակարաններու եւ հաստատութիւններու տէրերուն եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կարծիքներուն` տարուող աշխատանքի ոճին եւ ուղեգիծին գծով:

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Ոսկեփոշիի Հատիկներ (Վ. Թեքեանի «Կին` Ատեան, Մատեան»-ը)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.