Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

June 25, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

21 յունիսը ոչ միայն ամրան առաջին օրն է, այլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ ան նշանակուած է իբրեւ Երաժշտութեան տօնին օրը: Այդ առիթով փողոցներուն եւ հանրային վայրերուն մէջ ձրի երգահանդէսներ կը կազմակերպուին, որպէսզի ամէն մարդ կարենայ օգտուիլ եւ վայելել այդ գեղեցիկ արուեստին նուիրած գործերը:

Վստահաբար լսած ես, որ մարդիկ կ՛ըսեն, թէ ինչպէ՛ս երաժշտութիւնը կրնայ հանդարտեցնել: Նոյնիսկ գոյութիւն ունի այս գաղափարը արտայայտող ասացուածք մը: Այդ ասացուածքը եկած է 2300 տարիներ առաջ, Պղատոն փիլիսոփայէն: Այդ ժամանակաշրջանին արդէն մարդիկ անդրադարձած էին, որ երաժշտութիւնը ունէր հանդարտեցնելու եւ դաստիարակելու կարողութիւնը: Նոյնիսկ կարգ մը անձեր կը հաստատեն, որ Մոցարթի նման մեծ յօրինողներու կտորները մտիկ ընելը աւելի խելացի կը դարձնէ: Անշուշտ ասիկա ճիշդ չէ: Սակայն կասկած չկայ, որ երաժշտութիւնը իսկական ազդեցութիւն ունի ուղեղին վրայ:

***

Գիտական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ երբ երեխայ մը երաժշտութիւն կը լսէ իր մօր փորին մէջ, կապակցութիւններ կը ստեղծուին անոր ուղեղին մէջ: Ծնունդէն ետք այդ կապերը պիտի օգնեն երեխային` զարգացնելու իր կարողութիւնները, ինչպէս` լեզուն: Կարծէք երաժշտութիւն ունկնդրելը մեր ուղեղը կը պատրաստէ նոր բաներ սորվելու:

Մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին երաժշտութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ մեր տրամադրութիւնը ղեկավարելու: Այս ձեւով, մենք յաճախ տխուր եղանակներ մտիկ կ՛ընենք, երբ տխուր կ՛ըլլանք: Տարօրինակ է, սակայն ասիկա մեզի կ՛օգնէ աւելի լաւ զգալու: Զգացում մը աւելի զօրաւոր կերպով զգալը կարելիութիւնը կու տայ զայն դիմագրաւելու եւ զանցելու` զայն խեղդելու փոխարէն:

Ըստ մասնագէտներուն, կարգ մը երաժշտական կտորներ կրնան նոյնիսկ, շնորհիւ իրենց կշռոյթին, դրական խօսքերուն եւ եղանակին, մեր տրամադրութիւնը բարելաւել:

Փորձե՞նք:

Համացանցին Միջոցով
Բանող Ինքնաշարժներ

Գերմանիոյ մէջ ինքնաշարժի «Ֆորտ» ընկերութիւնը նոր արհեստագիտութեան մը վերաբերեալ փորձեր կը կատարէ: Ան կրցած է յղանալ ինքնաշարժի օրինակ մը, որ կապուած է համացանցին եւ այս ձեւով կրնայ իր արագութիւնը նուազեցնել, երբ կը գտնուի դպրոցներու, հիւանդանոցներու մօտ:

Համացանցին շնորհիւ այս ինքնաշարժին արագութիւնը կը նուազի, երբ ան կը գտնուի անցորդներով լեցուն վայրերու մէջ: Այս պարագային քշողը չէ, որ կը ղեկավարէ: Ինքնաշարժը ինքնին կը դանդաղի: Համացանցի հետ կապակցութեան մէջ գտնուելով` ան «գիտէ», որ կը մօտենայ շրջանի մը, ուր իր արագութիւնը պէտք է նուազագոյնի իջնէ:

«Ֆորտ» ընկերութիւնը կը նշէ, որ եթէ այս փորձերը լաւ ընթանան, արագութեան պատճառով տեղի ունեցած արկածներուն թիւը կրնայ նուազիլ:

«Փըլուշ» Խաղալիքներու «Հիւանդանոց»
Հարաւային Ամերիկայի Մէջ

Գիտէի՞ր, թէ 2017 թուականէն ի վեր Վենեզուէլլայի Քարաքաս մայրաքաղաքին մէջ գոյութիւն ունի «փըլուշ» խաղալիքներու յատուկ «հիւանդանոց» մը:

Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել
Կը Սիրե՞ս Երաժշտութիւն Ունկնդրել

Ընդամէնը մօտաւորապէս 30 հազար խաղալիքներ (փըլուշներ, պուպրիկներ, կերպարներ…) հոն «դարմանուած են»: Անոնք լուացուած են, կարուած, նորոգուած` կամաւորներու կողմէ:

Ապա այդ վերանորոգուած խաղալիքները զգուշութեամբ փաթթուած են եւ նուիրուած` քաղաքին աղքատ թաղամասերու մանուկներուն:

Մտածենք

Ա) Անուններ եւ տարիքներ

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր անձին անունը եւ տարիքը` գիտնալով, որ…

–  Կատու ունեցող կինը 30 տարեկան է:
– Ամէնէն հասակաւոր այր մարդը 40 տարեկան է:
– Գէորգը 55 տարեկան է:
– Ամէնէն երիտասարդ աղջիկը 25 տարեկան է:
– Վարդանը Պետիկին ձախ կողմը կը գտնուի:
– Սարինը երաժշտութիւն կը սիրէ:
– Նունէն կը գտնուի ամէնէն տարիքոտ այր մարդուն մօտ:
– Այր մարդոցմէ մէկը` 35 տարեկան է:

Բ) Կախարդական թիւը

Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերու տախտակները` գիտնալով, որ իւրաքանչիւր շարքի եւ սիւնակի թիւերուն գումարը հաւասար պէտք է ըլլայ վերը դրուած կախարդական թիւին:

Գ) Ո՞վ առաւ կարկանդակին կտորը

Լոռին հաւաքոյթ մը կազմակերպեց իր տարեդարձին առիթով: Սակայն ան իր տարեդարձի կարկանդակէն իրեն յատուկ կտոր մը պահած էր ուտելու համար:

Սակայն երբ վերջին հիւրը գնաց, Լոռին նկատեց, որ իր կարկանդակի կտորը անհետացած էր: Լոռիին համար կասկած չկար. տունէն ելող վերջին հիւրն էր, որ այդ կտորը գողցած էր:

Կրնա՞ս գտնել կարկանդակին գողը: Հետեւիր բացատրութիւններուն եւ իւրաքանչիւր անունի մօտ արձանագրէ անոր երթալուն ժամը: Այս ձեւով դուն պիտի գտնես, թէ ո՛վ էր հրաժեշտ տուող ամէնէն վերջին անձը:

1.- Մարալը Նարինէէն 20 վայրկեան աւելի առաջ գնաց:
2.- Վաչէն Գօգոյէն 40 վայրկեան աւելի առաջ գնաց:
3.- Սարինը Նարինէէն 30 վայրկեան աւելի ուշ գնաց:
4.- Արան Վարդանէն 25 վայրկեան աւելի առաջ գնաց:
5.- Րաֆֆին Թալինէն 20 վայրկեան աւելի առաջ գնաց:
6.- Գօգոն ժամը 7:00-էն 20 վայրկեան առաջ գնաց:
7.- Նարինէն Վաչէէն 55 վայրկեան աւելի ուշ գնաց:
8.- Վարդանը Թալինէն 45 վայրկեան աւելի ուշ գնաց:
9.- Կարինէն Գօգոյէն 35 վայրկեան աւելի ուշ գնաց:
10.- Թալինը Վաչէէն 30 վայրկեան աւելի ուշ գնաց:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (24 Յունիս 2022)

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Խոնարհներու Շառաւիղէն

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.