Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Քարիթաս Միութեան Կազմակերպած «Բոլորին Տունը՝ Յոյս Լիբանանը» Համագումարին

June 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 8 յունիս 2022-ին Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ լայն ծաւալով ընկերային ծառայութիւններ մատուցող «Քարիթաս» միութիւնը միօրեայ համագումարով ոգեկոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին 25 տարիներ առաջ Լիբանան տուած հովուապետական այցելութիւնը:

Համագումարին առանցքը կազմեց միութեան կատարած ընկերային ծառայութեանց ընդհանուր գնահատականը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի այլազան համայնքներու միջեւ գոյակցութեան ամրապնդումն ու երկխօսութեան զարգացումը:

Համագումարին մասնակցեցան սիւննի, շիի, տիւրզի, ալեւի, մարոնիթ, յոյն ուղղափառ ու կաթողիկէ, ասորի ուղղափառ ու կաթողիկէ, հայ ուղղափառ, ղպտի ուղղափառ եւ քաղդէական համայնքներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` պետական զանազան կառոյցներէ պատուիրակներ: Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին` Սարգիս աբղ. Աբրահամեանը, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանը եւ Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեանը:

Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ «Քարիթաս»-ի պատասխանատուներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելած էր Անթիլիասի մայրավանք եւ կաթողիկոսին փոխանցած էր Քարիթասի գործունէութեան շուրջ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ յիշեալ համագումարին պաշտօնապէս հրաւիրած էր վեհափառ հայրապետը: Կաթողիկոսը բարձր գնահատած էր միութեան աշխատանքները ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին մէջ, եւ յատկապէս` Լիբանանի ու Սուրիոյ:

Նախորդը

Մայրերու Տօնը Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.