Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատական Ազգայնականութիւն». Գիրք Մը, Որ Պէտք Է Հայկականացուի

June 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Մարդկային ընկերութեան քաղաքական միտքի հոլովոյթին մէջ 19-րդ դարը անկիւնադարձային եղաւ: Անիկա անկիւնադարձային եղաւ, որովհետեւ յաջողեցաւ պսակել ազատականութեան քաղաքացիական ազատութիւններն ու հիմնական իրաւունքները` ժողովուրդներու ազգային իղձերուն հետ: Ասոր վկաներն էին Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած 1848-ի յեղափոխութիւնները, որոնք կը միտէին ստեղծել ազգային պետութիւններ` հիմնուած ազատական-համամարդկային արժէքներու վրայ:

«Ազատական ազգայնականութիւն» գիրքի հեղինակ Եաէլ Թամիր եղած է իսրայէլեան Քնեսեթի անդամ` կեդրոն-ձախ Աշխատաւորական կուսակցութեան խմբակցութենէն եւ ստանձնած է տարբեր նախարարական պաշտօններ, ինչպէս` ներգաղթեալներու համարկման (1999-2001), կրթութեան (2006-2009) եւ գիտութեան, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի (2006-2007) նախարարութիւնները: Թամիր աւարտած է քաղաքական գիտութիւններ` Երուսաղէմի Եբրայական  համալսարանէն եւ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակած  է քաղաքական փիլիսոփայութեան նիւթին մէջ, Օքսֆորտ համալսարանին մէջ: Եղած է փիլիսոփայութեան դասախօս Թել Աւիւի համալսարանին մէջ եւ հետազօտող` Հարվըրտ եւ Փրինսթըն համալսարաններուն մէջ:

Հասկնալու համար գիրքին ընդհանուր խորհուրդը (ազատականութեան եւ ազգայնականութեան համադրում), պէտք է ըմբռնել գիրքին եօթը գլուխները` գլուխ առ գլուխ:

Առաջին գլուխը («Անհատին գաղափարը») խորապէս կը բացատրէ ազատականութեան եւ ազգայնականութեան հիմքերը` մարդկային բնութեան նկատմամբ, փորձելով գտնել զուգահեռագիծեր` լուսաւորութեան ժամանակաշրջանի երկու քաղաքական-գաղափարախօսութիւններուն միջեւ: Այդ առումով  Թամիր կը գրէ. «Ազգայնականութիւնն ու ազատականութիւնը արդի շարժումներ են: Երկուքն ալ կը բաժնեկցին այն տեսակէտը, որ ազատ, բանական ու ինքնավար մարդ էակները ատակ են ստանձնելու լիարժէք պատասխանատուութիւն` իրենց կեանքը վարելու առումով. երկուքն ալ կը հաւատան մարդու ինքնակառավարման, ինքնարտայայտման եւ ինքնազարգացման հասնելու կարողութեան»:

Մատնանշելով երկու գաղափարախօսութիւններուն շեշտադրումները` հեղինակը կը նկատէ, որ ազատականները իրենց շեշտը կը դնեն անհատներու կողմէ որդեգրուած իղձերու, հաւատամքներու եւ ըմբռնումներու բազմազանութեան վրայ, մինչ ազգայնականները` ինքնութեան ընկերային կողմի անխուսափելիութեան վրայ, ու կը հաւատան, որ անհատներու ինքնաճանաչումը կը կատարուի, երբ անոնք  նոյնանան ազգին հետ:

Ինչ կը վերաբերի ընկերութիւն-հասարակութեան, ազգայնականները կը դիտեն զայն իբրեւ բնական մարմին, որ անկարելի է բաժնել ինքնուրոյն կենսունակ մասերու: Այսինքն անհատները կը վերածուին մէկ մարմինի (ազգ) ու կը ջանան ապահովել անոր գոյութիւնն ու բարօրութիւնը: Ազատականները ընդհանուր առմամբ չեն մերժեր ընկերութեան ըմբռնումը` իբրեւ բնական մարմին, միեւնոյն ատեն կը շեշտեն անհատներու փոխադարձ շահը` ընկերային յարաբերութեանց ընթացքին: Աւելի խորացնելով այս կէտը ազատական դիտանկիւնէն` ինքնարտայայտման եւ անհատական բազմազանութեան հիմքերուն մէջ ինկած է ընկերութեան մարմնաւորումը:

Երկրորդ գլուխը («Ազգային ընտրանքներ եւ մշակոյթի իրաւունքը») կը փորձէ սահմանել ազատական-ազգայնականութիւնը` պսակելով առաջին գլուխին մէջ յիշուած ազատականութեան ու ազգայնականութեան մարդկային բնութեան, ընդհանուր շեշտադրումներուն եւ ընկերութեան հասկացողութիւններուն հետ:

Հարց տալով, թէ՛ «Ինչո՞ւ անհատները պէտք ունին պահպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը ու յարելու իրենց սեփական ազգային-մշակոյթին», հեղինակը հինգ մօտեցումներ կը ներկայացնէ.

1.- Ազգային պատկանելիութիւնը կարեւոր ու էական մաս է անհատի ինքնութեան: Անհատին մօտ` իբրեւ բանական ու ինքնուրոյն էակի, ինքնուրոյնութիւնը կը նկատուի փափաք, սակայն ազգային ու մշակութային անդամակցութիւնը կը նկատուի իբրեւ անհատի միջնորդութիւն` իրականացնելու իր սեփական իղձերն ու փափաքները:

2.- Մշակոյթի միջնորդային արժէքի կամաւոր ընդունումը, որ կ՛ըսէ` ե՛րբ ընդունինք մեր ազգային-սեփական մշակութային պատկանելիութիւնն ու անոր թելադրած դաստիարակութիւնը. այն ժամանակ մշակոյթը կրնայ ստանձնել իր միջնորդութեան արժէքը:

3.- Յարգել մշակոյթը, որովհետեւ անիկա արտացոլումն է ինքնուրոյն փափաքներուն: Հետեւաբար ազգային մշակոյթները պէտք է պահպանուին միայն այն ատեն, երբ իրենց յարող անդամները ցոյց տան հետաքրքրութիւն` անոնց կառչելու նկատմամբ: Անհատները ո՛չ միայն իրաւունք ունին ընտրելու այն ազգային խումբը, որուն կ՛ուզեն անդամակցիլ, այլ աւելի՛ն, իրաւունք պէտք է ունենան սահմանելու բացատրութիւնները, որոնք կցուած են իրենց ազգային անդամակցութեան. անոնք պէտք է որոշեն, թէ ի՛նչ մշակութային գործադրութիւններ պիտի որդեգրեն եւ ի՛նչ ձեւով պիտի արտայայտեն զանոնք:

Երրորդ գլուխը («Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը») նուիրուած է ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի արտայայտման. արտայայտութիւն մը, որ կարեւոր տեղ գրաւած էր նախորդ դարու ազգային-ազատագրական պայքարներու պատմութեան էջերուն մէջ:

Հեղինակը այս գլուխին մէջ կը սահմանէ ազգ եւ պետութիւն հասկացողութիւնները: Այսպիսով, ան նկատի կ՛առնէ, որ անոնք (ազգն ու պետութիւնը) մէկը միւսին հետ կապուած երեւոյթներ են, կամ գոնէ` մէկ երեւոյթի երկու երեսակները, անոնցմէ մէկը կը վերաբերի հաստատութենական ոլորտին (պետութիւնը), իսկ միւսը` անհատներուն, որոնք մասնակցութիւն կը բերեն այդ հաստատութեան կերտման:

Այս գլուխին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ ազգային պետականութիւններու ձեւաւորման հոլովոյթին, որ տեղի ունեցաւ 18-րդ դարու ընթացքին, երբ պետութիւնը պէտք էր սահմանուէր իր բնակիչներով եւ ոչ թէ իր իշխաններով, մէջբերելով փիլիսոփայ Ժան-Ժաք Ռուսոյի սահմանումը` պետականութեան վերաբերեալ, ուր կ՛ըսուի, որ անիկա «ժողովուրդի հաստատութենական ներկայացուցչութիւնն է»` հիմնուելով Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի յեղափոխութիւններուն սկզբունքներուն վրայ:

Վերադառնալով ազգային ինքնորոշման իրաւունքին` հեղինակը ցոյց կու տայ երեք պատմական դէպքեր, ուր արտացոլուած է ինքնորոշման իրաւունքը` Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք` Ամերիկայի նախագահ Ուիլսընի ուղղութեամբ, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք` հակագաղութատիրական պայքարներով եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Սահմանելով ազգային ինքնորոշման իրաւունքը` հեղինակը զայն կը նկատէ «ազգին, կամ աւելի ճիշդ` ազգի անդամներուն իրաւունքը` պահպանելու իրենց իւրայատուկ գոյութիւնը» եւ` «անհատներու ինքնակառավարման իրաւունքը»: Եզրակացնելով` ան կը գրէ, որ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը «համամարդկային ժողովրդավարութեան յարմարեցումն է ազգային գաղափարախօսութեան, որ նաեւ արտացոլացումն է ընկերային-քաղաքական հոլովոյթի իրականութեան»:

Չորրորդ գլուխը («Մասնաւոր մանրամասնութիւններ եւ ընդհանուր պահանջներ») կը կեդրոնանայ ազատական-ազգայնականութեան յատկանիշներու սահմանումներուն վրայ եւ զայն կը սահմանէ այսպէս. «Ազգային գաղափարներու մեծութեան պահպանում` առանց կորսնցնելու համամարդկային արժէքները»: Ազատական-ազգայնականութիւնը այսպիսով ազգային-մշակութային առանձնայատկութիւններուն կը միացնէ համամարդկային մարդու իրաւունքները, անհատներու ընկերային ու մշակութային ինքնավարութիւնը:

Ահաւասիկ, ազատական-ազգայնականութիւնը կը նկատէ, որ ազատականութիւնը անհատական ազատութիւններու եւ ինքնավարութեան գերադասումն է, մինչ ազգայնականութիւնը` ազգային-մշակութային անդամակցութեան ու պատմական շարունակականութեան:

Հինգերորդ գլուխը («Կախարդական «իմ» դերանունը») կը փորձէ հաստատել ազատական-ազգայնականութեան բարոյականութիւնը եւ ժխտել այն խեղաթիւրումները, որոնք ազգայնականութիւնը կը նկատեն նեղմտութիւն եւ ցեղապաշտութիւն:

Հեղինակը, այս պարագային, հիմնուելով ազգի անդամներուն միջեւ կապուածութեան վրայ, քանի մը օրինակ կու տայ. ազգի անդամները կ՛ուրախանան, երբ իրենց ազգին անդամակցող մարզիկը ոսկեայ մետալ կը շահի, կամ` երբ արտերկրի մէջ արկած պատահի, ամէնէն առաջ կը ջանան օգնել իրենց ազգակիցներուն: Յիշեալ օրինակները ցեղային գերադասում չե՛ն, այլ, ըստ բարոյագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան փիլիսոփայ Ճոն Ռաուլզին, առաջինի պարագային` անդամակցութեան բարոյականութիւն է, իսկ երկրորդի պարագային` անդամակցութեան պարտաւորութիւն:

Վեցերորդ գլուխը («Թաքուն օրակարգը. ազգային արժէքներ եւ ազատական հաւատամքներ») կ՛անդրադառնայ ազգային պետականութեան` ընկերային բարեկեցութեան հիմքերուն վրայ: Պետութիւնը տեսնելով իբրեւ համայնքներու ընդհանուր ճակատագիր կրող հաստատութիւն, այդ հաստատութեան հիմքը, ըստ հեղինակին, պէտք է դառնայ վերաբաշխ արդարութիւնը (հարստութեան վերաբաշխումը տեղի կ՛ունենայ, երբ հարկերու վերաբաշխման ընթացքին պետութիւնը ներդրումներ կը կատարէ` ձրի բժշկութիւն, կրթութիւն եւ այլ ընկերային ծառայութիւններ ապահովելով ժողովուրդին), ուր կը տիրէ Ռաուլզի արդար ընկերութեան պատկերացումը` ընկերութեան անդամներու հաւասար իրաւունքներու ապահովում, առանց որեւէ խտրութեան, եւ վերջ կը տրուի ընկերային-տնտեսական անհաւասարութիւններուն:

Վերջին գլուխը («Առաքինութեան անհրաժեշտութիւնը կերտել») եզրակացութիւնն է վերոնշեալ բոլոր գլուխներուն մէջ ներկայացուած հիմքերուն, թէ ինչպէ՛ս ազգային պետութիւնը կ՛ապահովէ իր քաղաքացիներուն ընկերային բարեկեցութիւնը, հաւասար իրաւունքները եւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները, որոնք հանդէս կու գան իբրեւ այլընտրանք` ազգայնամոլութեան եւ ցեղապաշտութեան:

Ներկայ փուլին, երբ մեր ազգային-հասարակական կեանքը կը գտնուի երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ, մէկ կողմէ ազգայնամոլութիւնը, որ կը մերժէ համամարդկային արժէքները եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող բոլոր զարգացումները, իսկ միւս կողմէ` օտարամոլութիւնը, որ կը մերժէ հայկականութեան ոգին, անհրաժեշտ է կառչիլ ազատական-ազգայնական չափաւոր գիծին, ուր ազատականութեան անհատական ինքնուրոյնութիւնն ու իրաւունքները կը պսակուին ազգային հպարտութեան հետ:

 

Նախորդը

Վահան Իշխանեան. Ծայրայեղ Կատարելապաշտը

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մանկապատանեկան «Նարեկացի» Երգչախումբը Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.