Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Պետրոս Դուրեանը Վաւերագրերում Եւ Ժամանակակիցների Յիշողութիւններում» (Աշխատասիրութեամբ` Ալպերթ Շարուրեանի)

June 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի «Արմաւ» հրատարակչատունէն 2021-ին լոյս տեսաւ «Պետրոս Դուրեանը վաւերագրերում եւ ժամանակակիցների յիշողութիւններում» գիրքը, աշխատասիրութեամբ` Ալպերթ Շարուրեանի:

Ժողովածուն կ՛ամփոփէ Պետրոս Դուրեանի կեանքին ու ստեղծագործութեան վերաբերող վաւերագիրներ ու յիշողութիւններ, որոնք կը բովանդակեն կենսագրական ու ստեղծագործական բնոյթի բազմաթիւ կարեւորագոյն փաստեր:

Ծննդեան վկայագիրին մէջ արձանագրուած է, որ ան ծնած է 25 մայիս 1851-ին եւ որդին է Տեմիրճի Աբրահամի. կնքահայր` Պօղոս, մկրտող քահանայ` Տէր Յարութիւնեան:

«Օրագիր»-ի 6 հոկտեմբեր 1869-ի թիւին մէջ արձանագրուած է. «Պ. Պ. Դուրեան սկիւտարցի 16-18 տարեկան երիտասարդ մ՛է, նախկին աշակերտ Սկիւտար Ենի Մահալլէի վարժարանին, 3-4 տարի առաջ վարժարանէն ելած, առաջին անգամ միայն սարաֆի մը քով 9 ամսոյ չափ գրագրութեան պարապած, իսկ անկից ի վեր իր տունը թատերական ողբերգութիւններ հեղինակելով կը զբաղի: … Հայրը օրական հացը ճարող, բայց պատուաւոր երկաթագործ մ՛է: Եղբայրը երբեմն Մանզումէի եւ հիմա Մեճմուայի խմբագիրներէն Յարութիւն էֆէնտին է»:

«Օրագիր»-ի 21 յունուար 1872-ի թիւին մէջ արձանագրուած է. «Պետրոս Դուրեան իւր քսան տարեկան ծաղիկ հասակին մէջ, երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջը, այս առաւօտ իւր մահկանացուն կնքեց եւ վաղը` շաբաթ օրը, իւր յուղարկաւորութեան հանդէսը Եէնի Մահալլէի Ս. Կարապետ եկեղեցին ժամը իննի միջոցները պիտի կատարուի»:

«Մանզումէի Էֆքիար» 24 յունուար 1872-ի թիւին մէջ կը գրէ. «Երէկ բոլոր հայոցս համար սգոյ եւ տխրանոց օր մ՛եղաւ: … ժամը 8:00 էր, մինչդեռ հանգուցելոյն մարմինը տանէն հանուելով ուղղակի Ս. Կարապետ եկեղեցին տարուեցաւ, ուր գեր. Յովհաննէս եպիսկոպոս Սէթեան կարճ դամբանական մը խօսեցաւ: Երկու նուագածուաց խումբեր երգեցիկ տղոց հետ երգեցին: … Երիտասարդաց խումբ մը սեւ շղարշներով դագաղին շուրջ բոլորած էր: … Վերջապէս ննջեցեալը գերեզմանատուն տարուեցաւ, ուր արժ. Խորէն քահանայ Փեհլիւանեան գրաւոր ատենախօսութիւն մ՛ըրաւ, ուրկէ վերջը պ. Լուսինեան, Թելբեան, Մելիքեան երիտասարդները մէկ մէկ ազդու ատենախօսութիւններ ըրին, ու այսպէս հանդէսը վերջացաւ»:

«Օրագիր» 26 յունուար 1872-ի թիւին մէջ կը գրէ. «Կիրակի օր ցարդ Սկիւտարի, եւ ի՞նչ կ՞ըսեմ, համայն Պոլսոյ մէջ չտեսնուած յուղարկաւորութեան շքեղ հանդէս մը տեղի ունեցաւ: … Դագաղին առջեւէն երկու խումբ ընտիր նուագածուներ կ՛երթային: Իսկ դագաղին ետեւէն ու առջեւէն 4000-ի մօտ խուռն բազմութիւն մը ծանրաթախիծ ու լռիկ մնջիկ կը քալէր: Ամէնքն ալ սրտի, մտքի եւ հոգւոյ սիրահար երիտասարդներ էին: Մեծաշուք պար մ՛ալ երգեցիկ մանկուհիներ ուղեկից էին: … Կիրակի օրուան աղքատիկ գրագէտի մը տրուած ժողովրդային վսեմ ցոյցերը յայտնի ցցուցին, թէ գրչին քով աննշանացաւ ոսկին»:

Եղիշէ եպիսկոպոս (հետագային, 1909-էն 1910` Պոլսոյ եւ 1921-էն 1930` Երուսաղէմի պատրիարք) «Ծաղիկ»-ի 31 դեկտեմբեր 1904-ի թիւին մէջ իր վաղամեռիկ եղբօր մասին կը գրէ. «Տեսէ՛ք զինքը իր մահուան անկողնոյն մէջ. գլուխը գամուած է թրջուած բարձին, ձեռքերը կուրծքին դրած` մտիկ կ՛ընէ իր ներքին որոտումը: … Կը լռէ, կը սարսռայ, կը քրտնի, կը հեւայ, սարսափահար կը ծածկէ իր գլուխը վերմակին տակ, որ պահ մը ետք հողակոյտ մը պիտի ըլլայ: … Այլ այդ յուսահատական վիճակին մէջ ո՞վ է իր սփոփիչը, ոչ ոք, բայց միայն արտասուալից մայր մը»:

Արշակ Չոպանեան իր «Պետրոս Դուրեանի կեանքն ու գործը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Պետրոս Դուրեանի գրական ստեղծագործութիւնը շատ կանուխէն կը սկսի: Նոյնիսկ իր դպրոցական կեանքին առաջին տարիներուն: … Զինք ճանչցողները ամէնքն ալ կը վկայեն, թէ Պետրոս պատուական տղայ մըն էր, վերջին ծայր ազնիւ ու սիրուն: … Իր նկարագրին գալով, շատ զուարթ էր, զուարճաբան, կատակասէր, միշտ շրթունքին վրայ երգ մը:

Բարսեղ Էքսերճեան «Ընդարձակ կենսագրութիւն բարեյիշատակ Պետրոս Դուրեանի» աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ տէր Խորէն քահանայ Փեհլիւանեան Դուրեանի մահէն եօթը օր առաջ այցելած է անոր, խոստովանեցուցած եւ առաջարկած է հաղորդուիլ, ըսելով որ հիւանդներուն համար ներելի է ծոմը լուծած ատենն իսկ հաղորդուիլ, բայց Պետրոս մերժած է, ըսելով որ դեռ քառասուն օր առաջ հաղորդուած է եւ կ՛ուզէ հաղորդուիլ այնպէս, ինչպէս կը հաղորդուի քաջառողջ մը, եւ դեռ կրնայ շաբաթ մըն ալ ապրիլ: Եւ արդարեւ անկէ ետք ճիշդ մէկ շաբաթ ապրած է:

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Արդեօ՞ք Մարդիկ «Կապուած Են» Ատելութեան, Եւ Եթէ` Այո՛, Ապա Ինչո՞ւ

Յաջորդը

«Գուսան» Երգչախումբի Համերգը` Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.