5 օգոստոսին մեկնարկը պիտի տրուի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 2022-2023 տարեշրջանին, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի 3 յունիս 2023-ին:
Բացման հանգրուանին ծիրին մէջ, երկրի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Քլերմոն Ֆութին:
2022-ի Մոնտիալին պատճառով ախոյեանութիւնը դադար պիտի առնէ 13 նոյեմբերէն 28 դեկտեմբեր:
17-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1-2 յունուար 2023-ին:
Ախոյեանութեան աւարտին դասաւորման վերջին չորս դիրքերը գրաւած խումբերը պիտի փոխադրուին Բ. դասակարգ, մինչ երկու խումբ պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:


