Պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես հեռացաւ Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնայէն` նկատի ունենալով, որ ան դարձաւ ազատ ֆութպոլիստ մը, որովհետեւ քաթալոնական կազմը անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկեց:
2008-2016 ժամանակամիջոցին Պարսելոնային մաս կազմած Տենի Ալվես նոյեմբեր 2021-ին դարձեալ վերադարձած էր Չաւիի գլխաւորած կազմ:
Ան ամէն գնով կ՛ուզէ շարունակել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, որպէսզի կարենայ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ մասնակցիլ 2022-ի Մոնտիալին:


