Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ճանչցուեցաւ Խրուաթիոյ 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Խրուաթիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Այսպիսով, 36 տարեկան Մոտրիչ 10-րդ անգամ ըլլալով (յաջորդաբար` 6-րդ անգամ ըլլալով) կ՛արժանանայ այս մրցանակին` Խրուաթիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մարզիչներուն եւ ֆութպոլիստներուն կողմէ:
Ինչպէս ծանօթ է, Խրուաթիա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալին, որուն մեկնարկը պիտի տրուի 21 նոյեմբերին:


