Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատերազմէն 2 Ամիս Առաջ Ընդունած Եմ Պետութեան Մը Շատ Իմաստուն Ղեկավարի, Որ Նախատեսած Էր Պատերազմը» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

June 15, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանչիսկոս պապը կրկնած է այն տեսակէտը, որ Ռուսիոյ սահմանին մօտ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւնները կրնան յանգեցուցած ըլլալ ուքրանական ճգնաժամին: Ան այս կարծիքը յայտնած է ղեկավարներու հետ զրոյցի ընթացքին, որմէ հատուածներ հրապարակած է իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթը:

«Պէտք է հեռանանք սովորական Կարմիր գլխարկիկի բեմագրութենէն` Կարմիր գլխարկիկը լաւ էր, իսկ գայլը` վատ, այստեղ չկան բնազանցական բարի եւ չար: Ի յայտ կու գայ համաշխարհային բան մը, որուն տարրերը շատ փոխկապակցուած են», հանդիպման ժամանակ ըսած է պապը:

Ֆրանչիսկոս պապին համաձայն, Ռուսիոյ յատուկ գործողութեան մեկնարկէն երկու ամիս առաջ ինք ընդունած է պետութեան մը «շատ իմաստուն» ղեկավարը: Վերջինս պապին յայտնած է իր մտահոգութիւնը, թէ «ՕԹԱՆ-ը ինչպէ՛ս յառաջ կը շարժի»:

«Ես անոր հարցուցի` ինչո՞ւ, ան պատասխանեց. «Ռուսիոյ դարպասներուն մօտ կը հաջեն: Եւ անոնք չեն հասկնար, որ ռուսերը կայսերական են եւ պիտի չարտօնեն, որ օտար ուժերը իրենց մօտենան»: Ան եզրափակեց. «Կացութիւնը կրնար պատերազմի յանգեցնել»: Ատիկա անոր կարծիքն էր», ըսած է պապը` նշելով. «Պետութեան այս ղեկավարը կրցած է կարդալ տեղի ունեցող նախանշանները»:

Հռոմի պապին համաձայն, անոնք, որոնք կը հետեւին Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան, կը տեսնեն «դաժանութիւն եւ վայրագութիւն», սակայն վտանգը կը կայանայ անոր մէջ, թէ ի՛նչ թաքնուած է զինուորական գործողութիւններու ետին, այն, ինչ տեսանելի չէ` հաւանական պատճառները, թէ ինչ՛ու այս տագնապը հրահրուեցաւ կամ չկանխարգիլուեցաւ:

«Եւ ես կը տեսնեմ զէնք փորձարկելու եւ վաճառելու շահագրգռուածութիւն: Ատիկա շատ տխուր է, սակայն հիմնականին մէջ ատիկա ճիշդ ատոր մասին է», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

«Այս պահուս մէկը կրնայ ինծի ըսել. «Բայց դուն Փութինի կողմնակիցն ես»: Ո՛չ, ես անոր կողմը չեմ: Ես պարզապէս դէմ եմ, որ բարիի եւ չարի տարբերակման բարդութիւնը չափուի` առանց մտածելու շատ բարդ արմատներու եւ շահերու մասին», ըսած է պապը:

Պապը մայիսի սկիզբը իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր. «ՕԹԱՆ-ի` Ռուսիոյ դռներուն մօտ հաջելը յանգեցուցած է տագնապին:

 

 

Նախորդը

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Յայտարարէ Իր Մարտավարութեան Փոփոխութիւնը

Յաջորդը

«Պայտըն 13-16 Յուլիսին Միջինարեւելեան Շրջապտոյտի Ընթացքին Պիտի Այցելէ Իսրայէլ, Այսրյորդանան Եւ Սէուտական Արաբիա» Կը Յայտարարէ Սպիտակ Տունը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.