Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, եթէ պատահի, որ Ալեքսիս Սանչես հեռանայ Ինթեր Միլանէն, կրնայ ըլլալ, որ վերադառնայ Պարսելոնա, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2011-2014 ժամանակամիջոցին:
Չիլիցի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած են նաեւ սպանական Սեւիլլան եւ թրքական Կալաթասարայը:
Միլանեան կազմին հետ Ալեքսիս Սանչես 109 մրցումի ընթացքին նշանակած է 20 կոլ եւ կատարած 23 էսիսթ:
Անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 3,5 միլիոն եւրոյով:


