Սէուտական Արաբիան կը ծրագրէ Ծոցի Համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողով հիւրընկալել` ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, որ յայտնեց. «Ռիատ որեւէ այցելութիւն կ՛առնչուի շրջանային անվտանգութեան»: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը այսօր պիտի յայտարարէ Պայտընի Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա այցելութիւններուն մանրամասնութիւնները:


