Իսրայէլեան ապահովական մարմինները աշխատանք կը տանին Թուրքիոյ մէջ իրանեան վրէժխնդրական յարձակում մը կանխարգիլելու համար, այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` աւելցնելով. «Դէպի Թուրքիա ճամբորդութենէն զգուշացումը տակաւին ի զօրու է»:
«Մտավախութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, որ իրանցիները վճռած են վրէժ լուծել` հակադարձելով Իսրայէլի վերագրուած ահաբեկումներուն, որոնցմէ ոմանք վերագրուած են իսրայէլեան Մոսատին», յայտնեց օրաթերթը` նշելով. «Իրանցիները աշխատանք կը տանին արտասահմանի մէջ թիրախ դարձնելու իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ` նկատի ունենալով, որ ձախողած են իսրայէլեան մեծ պաշտօնատարներու եւ անձնաւորութիւններու հասնելու»:
«Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը Իսրայէլին կ՛օգնէ թրքական հողերուն վրայ իրանեան յարձակումը կանխարգիլելու համար, եւ իսրայէլեան ու իրանեան գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ այդ յարձակումը ձախողութեան մատնելու շուրջ միտքերու պայքարը յարատեւօրէն կը շարունակուի», հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը:


