Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ երէկ առտու ճիշդ ժամը 4:20-ին Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռներ արձակած է մայրաքաղաք Դամասկոսի հարաւը գտնուող կարգ մը կէտերու դէմ:
Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են իսրայէլեան հրթիռներուն մեծամասնութիւնը: Յարձակումին պատճառով քաղաքային մը վիրաւորուած է, եւ կարգ մը նիւթական վնասներ արձանագրուած են:


