Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիսութիւն` Մարաշ Թաղի Հինգ Փողոցներու Նորոգութեան Աշխատանքներուն Աւարտին Առիթով

June 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարաշի մէջ հինգ փողոցներու նորոգութեան աշխատանքները եզրափակելու հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ին, կազմակերպութեամբ «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի:

Ներկայ էին Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, Լեհաստանի դեսպան Պրզիմիսլաւ Նիզիոլովսքի, Ճափոնի դեսպանի ներկայացուցիչ Քիոշի Միհարա, «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի Լիբանանի տնօրէն Թայնա Քրիսթիանսըն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ:

Քրիսթիանսըն բացման խօսքին մէջ ներկայացուց ծրագիրին երկու բաղադրամասերը առաջինը` «Մարաշի բնիկ եւ գաղթական համայնքներու ապրուստի պայմաններու բարելաւում»-ը լեհական ֆինանսաւորումով, եւ երկրորդը` «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած համեստ թաղամասերու վերանորոգութիւն»-ը` ճափոնական ֆինանսաւորումով: Ան բացատրեց, որ ծրագիրները ընդգրկեցին ենթակառոյցի, շէնքերու եւ բնակարաններու նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ արեւու ճառագայթներով փողոցներու լուսաւորումն ու հրդեհներու կանխարգիլման եւ հրշէջներուն օժանդակելու նախաձեռնութիւններ:

Ներկաները այնուհետեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին Մարաշի փողոցներուն մէջ եւ բնակիչներէն ու առեւտրականներէն ծանօթացան ծրագիրին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

Բնակիչները շնորհակալութիւն յայտնելով մատնանշեցին կատարուած նորոգութիւններն ու բարելաւումները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Վրոնեցքա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերն ու գործակցութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լեհաստանի եւ Ճափոնի զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի կատարած աշխատանքին համար: «Այս ծրագիրը գործնապէս հակազդեց շրջանի բնակչութեան կարիքներուն», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ գործակցութիւնն ու ընդհանուր պայմաններու բարելաւումը կը նպաստեն տեղացի եւ գաղթական հաւաքականութիւններու համերաշխութեան:

Ճափոնի դեսպանի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ իր երկիրը հիւլէական ռմբակոծումի ենթարկուելէ ետք վերականգնելու վճռակամութեամբ զինուած կրցաւ վերաշինել քաղաքները: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Լիբանան փիւնիկի նման պիտի վերականգնի` հաւաստելով Ճափոնի յանձնառութիւնը շարունակելու օժանդակութիւնը Լիբանանի:

Լեհաստանի դեսպան Նիզիոլովսքի ըսաւ, որ ինք յաճախակիօրէն կ՛այցելէ Պուրճ Համուտ, եւ նկատելի են տեղական իշխանութեան տարած աշխատանքն ու ճիգը: «Գործակցութեան այս ոգիին ու «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի` գետնի վրայ թափած ճիգերուն շնորհիւ, Լեհաստանի օժանդակութիւնը լաւագոյնս արդիւնաւորուեցաւ, եւ այս յաջող ծրագիրը նպաստեց ընդհանուր բնակչութեան», ըսաւ ան` շնորհաւորելով այս ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր կողմերը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքին մէջ Պուրճ Համուտի բնակչութեան եւ քաղաքապետական խորհուրդին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Խօսքը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչին ուղղելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտով անոր հետաքրքրութեան համար, ինչպէս ըրած էին անոր պաշտօնակիցներէն տիկին Տիքարլօ, տեարք Լազարինի, Շթայնըր եւ ուրիշներ: Լեհաստանցի եւ ճափոնցի դիւանագէտներուն նախաձեռնութիւններն ու զօրակցութիւնը գնահատելով` ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ին, լեհական օժանդակութեան մարմինին եւ PCPM կազմակերպութեան:

«Պուրճ Համուտի աւելի քան 160 հազար բնակչութիւնը կը գտնուի շրջանի 2,2 քառ. քմ տարածքի երկու երրորդին մէջ, իսկ մնացածը ճարտարարուեստական գօտի է», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այդ բնակչութեան մէջ կարելի է գտնել Լիբանանի բոլոր համայնքները, սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներ, Ափրիկէէն եւ Ծայրագոյն Արեւելքէն աշխատաւորներ:

«Պուրճ Համուտ մարդասիրական մօտեցումով ընդունեց բիւրաւոր գաղթականներ` աշխատելով յաղթահարել անկէ բխող դժուարութիւնները», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ Պուրճ Համուտ կը գտնուի Պէյրութի նաւահանգիստի կողքին, եւ պայթումէն ետք «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի օժանդակութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, թէ շրջանի մօտ հինգ հազար շէնքերէն 55 տոկոսը կրած է տարբեր աստիճանի վնասներ, եւ շնորհակալ ենք այն երկիրներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք օժանդակեցին բնակարաններու նորոգութեան:

Ան նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» համաճարակն ու տնտեսական-ֆինանսական տագնապը ծանր հետեւանքներ ունեցան երկրին ու Պուրճ Համուտի նման համեստ շրջաններուն համար, իսկ փակուող հաստատութիւնները, անգործութիւնը, սղաճը, կրկնապատկեցին բնակչութեան կարիքները` միաժամանակ կրճատելով քաղաքապետարանին միջոցները:

«Շատեր մեկնեցան. մենք մնացինք, պայքարեցանք ու կը շարունակենք պայքարիլ յաղթահարելու համար դժուարութիւնները, եւ անիկա կարելի կ՛ըլլայ ձեր նման բարեկամներու մարդասիրական օգնութեամբ ու բարգաւաճման ծրագիրներով», ըսաւ քաղաքապետը: Ան դիտել տուաւ, որ բնական պայմաններու մէջ կարելի է առաջնահերթութիւններու մասին խօսիլ, բայց այսօր Լիբանանի մէջ ամէն բան առաջնահերթութիւն դարձած է եւ ամէն տեսակի օժանդակութեան կարիքը կայ:

Քաղաքապետ Պօղոսեան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրերուն` Պուրճ Համուտի բնակչութեան տրամադրուած օգնութեան համար, յոյս յայտնելով, որ անոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ շրջանին ու քաղաքապետարանին:

Հանդիսութիւն` Մարաշ Թաղի Հինգ Փողոցներու Նորոգութեան Աշխատանքներուն Աւարտին Առիթով
Հանդիսութիւն` Մարաշ Թաղի Հինգ Փողոցներու Նորոգութեան Աշխատանքներուն Աւարտին Առիթով

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրող»-ները Ծանօթացան Թումոյի Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.