Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Դպրեվանքը Հայ Եկեղեցւոյ Ընծայաբերեց 19 Նոր Մշակներ

June 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 5 յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, Հոգեգալստեան տօնի առաւօտուն տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Եղիա աբղ. Մալխասեանի:

Ուրախութիւն էր դպրեվանքի մեծ ընտանիքին համար, որ իր սաներէն 19 նոր մշակներ կը յանձնէր հայ եկեղեցւոյ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց դասուն: Կիսասարկաւագական կարգ ստացան չորս ընծայարանականներ` Անդրանիկ կիս. Մինասեան, Սերժ կիս. Քիւշէրեան, Հրակ կիս. Թաշճեան, Դրօ կիս. Կիւլէսէրեան, իսկ դպրութեան կարգ ստացան տասնհինգ ժառանգաւորներ` Պէրէճիքլեան Յարութիւն, Քիլիճեան Սարգիս, Պոյաճեան Հրակ, Պոյաճեան Նարեկ, Պայտուն Աբրահամ, Մովսէսեան Սարգիս, Մովսէսեան Արմէն, Փալասեան Սարգիս, Բալասեան Խաչիկ, Վարդանեան Նորիկ, Կիւլէսէրեան Դրօ, Քիւշէրեան Սերճ, Թաշճեան Հրակ, Յովհաննէսեան Յովհաննէս եւ Սեդրակեան Լեւոն:

Ձեռնադրիչ սրբազանը քարոզին սկիզբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իրեն առիթը շնորհեց եկեղեցւոյ ծառայութեան հրաւիրելու 19 նոր ձեռնադրեալներ: Սրբազանը` խօսելով օրուան տօնին ու խորհուրդին մասին, անդրադարձաւ վերնատան մէջ պատահած Սուրբ Հոգիի էջքին: Շեշտելով Հոգեգալուստի դէպքը, ըսաւ, որ անիկա` հաւատացեալներուն Քրիստոսի եկեղեցւոյ այն եզակի փորձառութիւնն է, երբ յուսալքուած եւ տկարացած առաքեալներ ու առաջին հաւատացեալներ համախմբուած էին ա՛յն վերնատան մէջ, ուր Յիսուս վերջին ընթրիքը կատարած եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատած էր: Աշակերտներ լսեցին դղրդիւն մը, փոթորիկ մը փչեց` Ս. Հոգին մտաւ եւ ներկաները ամրապնդուեցան նո՛ր յոյսով, զինուեցան քաջութեամբ եւ լծուեցան զՔրիստոս քարոզելու ու տարածելու առաքելութեան: Նարեկ արք.` իր խօսքը ուղղելով նորոգ ձեռնադրեալներուն, ըսաւ. «Այսօր դուք ստացաք ծառայութեան առանձնաշնորհումը եւ այդ ծառայութիւնն է, որ ձեզ պիտի կազմաւորէ, որպէսզի օր մը նաեւ Ս. խորան բարձրանաք` ձեր անձերուն ամբողջական ինքնընծայումը կատարելու համար»: Սրբազանը անոնց մաղթեց, որ իրենց նոր ստացած պաշտօններուն ընդմէջէն Ս. Հոգւոյն շնորհքը` հաւատքով զիրենք պատրաստէ հայ եկեղեցւոյ ամբողջական ծառայութեան:

Դպրեվանքը նման պատանի ու երիտասարդ ուժեր կը պատրաստէ, այնպիսի մշակներ, որոնք կ՛երթան ժողովուրդին` նուիրումով ծառայելու համար անոր: Ա՛յս է դպրեվանքի սրբազան առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու Եւ Դպրեվանքներու Միութեան Համագումարին

Յաջորդը

«Այսօր Նժարի Վրայ Դրուած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Ապահովութեան Հարցը». Րաֆֆի Տօնապետեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.