Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան միացաւ Արարատ-Արմենիայի, այս մասին այտնեց հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան հանդէս եկած է Հայաստանը ներկայացնող Փիւնիկ եւ ներկայիս Ուրարտու ֆութպոլի ակումբներուն ընդմէջէն:
Արտասահմանի մէջ ան հանդէս եկած է եւրոպական շարք մը ակումբներու հետ:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ ան 78 մրցումի ընթացքին նշանակած է 14 կոլ:


