Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ») իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ուտինեզէի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Անտրէ Սոթիլ նշանակուեցաւ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ:
48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ` զայն տարիով մը երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ մը:
Ան անցեալին իբրեւ ֆութպոլիստ 1999-2003 ժամանակամիջոցին մաս կազմած է Ուտինեզէի:
Նշենք, որ ան նախապէս մարզած է Քաթանիան, Փեսքարան, Ասքոլին, Լիվորնոն եւ շարք մը այլ ակումբներ:


