Արժանթինցի 38 տարեկան յառաջապահ` Քարլոս Թեւեզ նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Անոր վերջին ակումբը եղաւ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզը, ուրկէ ան հեռացաւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Քորինթիանսի, Ուեսթ Համի, Մանչեսթըր Եունայթըտի, Մանչեսթըր Սիթիի, Եուվենթուսի եւ Շանկհայ Շենհուայի:
Ան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ միջազգային 76 մրցումի ընթացքին նշանակած է 13 կոլ:


