Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Միջոցներով Ռուսիոյ Վրայ Կրակելու Պարագային Պիտի Թիրախւորուին Որոշումներու Կայացման Կեդրոնները» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

June 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ եթէ Ուքրանիան ամերիկեան ժամանակակից հրետանային միջոցներով կրակէ ռուսական տարածքի վրայ, Մոսկուան հարուածով պիտի պատասխանէ որոշումներու կայացման կեդրոններուն:

«Ի հարկէ, մենք պէտք է արձագանգենք այդ սպառնալիքին, եւ շատ ակնյայտ է, որ եթէ, Աստուած մի արասցէ, այդ զինատեսակները կիրարկուին ռուսական տարածքներու դէմ, այս պարագային մեր երկրի զինեալ ուժերուն ընտրութեան կարելիութիւն պիտի չմնայ», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, «բոլորն ալ կը հասկնան, թէ անոնք ի՛նչ կեդրոններ են` պաշտպանութեան նախարարութիւնն է, սպայակոյտը եւ որեւէ այլ բան»:

«Սակայն, ի հարկէ, պէտք է հասկնալ, որ այս պարագային վերջնական որոշումներու կայացման կեդրոնները, դժբախտաբար, նոյնիսկ Քիեւի տարածքին մէջ չեն գտնուիր», ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 1 յունիսին յայտարարեց Ուքրանիոյ 700 միլիոն տոլարի զինուորական օգնութեան յաւելեալ թղթածրարի տրամադրման մասին, ներառեալ ամերիկեան ՀԱՅՄԱՐՍ համազարկային հրթիռային համակարգերու եւ անոնց համար ռումբերու մատակարարումը:

Մետվետեւ ըսած է. «Ոչ ոք հիւլէական պատերազմ կ՛ուզէ, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի երկրագունդի վրայ հիւլէական պատուհաս երբեք տեղի չունենայ, սակայն ատոր անկարելիութեան մասին խօսիլը սխալ է»:

«Կը հասկնաք, երբ կ՛ըսեմ, որ ատիկա անկարելի է, որովհետեւ երբեք կարելի չէ, անոնք միշտ կը սխալին: Աւելի՛ն, հիւլէական զէնքը արդէն օգտագործուած է մարդկութեան պատմութեան մէջ», յայտնած է ան:

 

Նախորդը

Քաղաքացիական Պայմանագիրը Տապալեց Արցախի Հարցով Գումարելի Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստը. Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ Ուժ Կիրարկեց Ցուցարարներուն Դէմ

Յաջորդը

Անգարան Կը Զգուշացնէ Ուաշինկթընը Սուրիոյ Հիւսիսը Ահաբեկչութեան Վերջ Տալու Իր Վճռականութենէն

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.