Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Եկեղեցական Կալուածներու Օրակարգին Մասին Զեկուցեց Քեն Խաչիկեան

February 28, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակին, երէկ` երկուշաբթի, 27 փետրուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր «Եկեղեցական կալուածներու վերադարձի հարցը` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ»: Դասախօսութիւնը ներկայացուց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Միշել Ապրաս եպիսկոպոս, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, պետական երեսփոխաններ  Ղասսան Մուխայպեր, Էտկար Մաալուֆ, Ֆատի Աաուար, Ապպաս Հաշեմ, Նեպիլ Նիքոլա, Սալիմ Սալհապ, Յակոբ Բագրատունի ու Արթիւր Նազարեան, նախարարներ Վրէժ Սապունճեան եւ Փանոս Մանճեան, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ալպեր Կոստանեան, Մասուտ Աշգար, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Կիպրոսի դեսպանատան ներկայացուցիչը, հայ թէ օտար լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն մը:

Վերա Եագուպեան

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վերա Եագուպեան, որ նշեց, թէ յունիս 2011-ին ամերիկահայ համայնքը կատարեց քաջալերական քայլ մը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքները հետապնդելու եւ վերջակէտ մը դնելու թրքական կառավարութեան կողմէ հայկականութիւն խորհրդանշող բոլոր հետքերը ոչնչացնելու քաղաքականութեան:

Եագուպեան ըսաւ, որ ամերիկացի քոնկրեսականներ ամերիկահայ համայնքին զօրակցութեամբ քոնկրեսին ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կը ստիպէ «Թուրքիոյ պահպանելու քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը եւ վերադարձնելու եկեղեցական կալուածները: Ապա Վերա Եագուպեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Քեն Խաչիկեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք բռնագրաւուեցան հայկական, ասորական, յունական եւ այլ քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու հազարաւոր եկեղեցիները, որոնցմէ քանի մը հատը վերադարձուեցան իրենց իրաւատէրերուն, ինչ որ իմաստալից նախաքայլ մըն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` ընդունելու անպատիժ մնացած ոճիրին պատասխանատուութիւնը:

Քեն Խաչիկեան

Ան ըսաւ. «Մենք պարզապէս չենք որոներ իրականութիւնը եւ յաւելեալ հաստատումներու կարիքը չունինք, որովհետեւ մեզի համար եղելութիւնը բացարձակ ճշմարտութիւն է: Մենք կը փնտռենք ճշմարտութիւնը` հասնելու արդարութեան, եւ արդարութիւնը` շարունակականութեան ապահովման»: Դասախօսը յոյս յայտնեց, որ թրքական ընկերութիւնը կը կերպարանափոխուի եւ ինքզինք պատասխանատու կը զգայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին գծով:

Քեն Խաչիկեան յայտնեց, որ բանաձեւը ճնշում կը բանեցնէ Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ` դադրեցնելու բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները, կ’արտօնէ եկեղեցիներու իրաւատէրերուն առանց խոչընդոտի տէր կանգնելու իրենց բոլոր տեսակի կալուածներուն, կատարելու հոգեւոր արարողութիւններ, փոխանցելու կրօնական դաստիարակութիւն եւ կազմակերպելու հաւաքներ, ընկերային ծառայութիւններ եւ այլ բնոյթի հոգեւոր աշխատանքներ:

Խաչիկեան նշեց, որ ներկայիս 1900-ական թուականներուն առկայ երկու հազար եկեղեցիներէն մօտաւորապէս շուրջ երկու հարիւրը կանգուն է եւ մնացեալը ամբողջովին կործանած է:

Ան ըսաւ, որ անցնող տարուան 13 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց 306 բանաձեւը, ինչ որ զօրաւոր յաղթանակ էր խղճի ազատութեան եւ քրիստոնէական կալուածները իրենց իսկական տէրերուն վերադարձնելու հարցին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին, Քեն Խաչիկեան կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ հայերու բարեկամներուն աշխարհի բոլոր կողմերէն մասնակցելու պահանջատիրութեան` սկսելու կալուածներէն եւ շարունակելու հատուցման համընդհանուր իրաւունքներով` նահատակներու արեան գնով, գրաւուած հողերով, կառոյցներով, յետեղեռնեան հետեւանքներով: Ան հաստատեց, որ հայութեան դատը արդար է եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ:

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Ասուլիս . «Մենք Ուժեղ Ենք Ու Պիտի Յաղթենք, Որովհետեւ Իրականութիւնը Մեր Ձեռքն Է» Ըսաւ Ցվեթանա Փասքալեւա

Յաջորդը

Պրայզա Մասնակցած Է Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցին. «Հայկական Լոպին Ամբողջ Չարութիւնը Վրաս Թափեց» Կ՛Ըսէ Պրայզա

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.