Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդան Պետրոսեանի Յարգուած «Խոստում»-ը Տպաւորեց Լիբանանահայ Հանդիսատեսը

June 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Բ.

Որքան տպաւորիչ եւ գոհացուցիչ է տաղանդաւոր արուեստագէտ եւ մենակատար Վարդան Պետրոսեանը անգամ մը եւս տեսնել ու ըմբոշխնել Լիբանանի մէջ` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմին վրայ:

Որքան մեծ կարելիութիւն ունի մենակատարութեան այս վարպետը ցաւը, տխուր երեւոյթները, խոցող իրականութիւնները ամենայն անմիջականութեամբ ու դիւրութեամբ հասցնելու սրահը լեցուցած հանդիսատեսներուն, որոնք լարուած կերպով հետեւեցան ներկայացման:

Որքան տպաւորիչ է, որ խնդուք լսուէր սրահին մէջ, Վարդան Պետրոսեանը սիրողները ծիծաղով ընդունէին առանձինն բեմը լեցուցած ու ամենայն ամբողջականութեամբ իրական կեանքի գծած պատկերները, հակառակ անոր որ լաւապէս կը գիտակցէին, թէ այս բոլորին ետին կար հայութեան համար սիրտ ցաւցնող, հայկական հպարտութեան դպչող իրականութիւն մը:

Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան հրաւէրով Վարդան Պետրոսեան երէկ` հինգշաբթի, 2 յունիսին ներկայացուց իր խորքային եւ մերօրեայ իրականութեան ու տագնապներուն արտացոլացումը հանդիսացող մենաներկայացումը` «Խոստում»-ը:

Թատերախումբի վարչութեան կողմէ ներկաները ողջունեց Արազ Գոճայեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վարդան Պետրոսեանին, որ Լիբանանի մէջ իր զոյգ ելոյթներուն համար իր պատուեգինը նուիրած է թատրոնին, որպէսզի անիկա հոգեկան հաց ու ջուր ըլլայ լիբանանահայութեան:

Ապա բեմին վրայ տիրական ներկայութիւն էր Վարդան Պետրոսեան, որ շօշափեց հայաստանեան իրականութեան տարբեր դրուագներ, մարմնաւորեց հայաստանցի քաղաքական գործիչներ, իրեն յատուկ վերլուծումներու եւ թատերական հմտութիւններու ընդմէջէն լուսարձակի տակ բերաւ վերջին տարիներու իրադարձութեանց ամբողջ պատկերը` աւարտին միշտ ալ շեշտելով, որ պարտուած չէ հայութիւնը, որովհետեւ ունի իր հողին համար նահատակուածներ, ինչպէս նաեւ երկար ատեն սահմանին վրայ անսասան կանգնած զինուորներ, կամաւորներ, որոնք այսօր մեզի հետ են, մեր շրջապատին մէջ են ու արժանի են յարգանքի ու արժեւորման:

Վարդան Պետրոսեանն ու անոր իւրայատուկ արուեստը ըմբոշխնելու առիթ կայ նաեւ այսօր` 3 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Լիբանանահայ արուեստասէրին համար իւրայատուկ առիթ մը, որպէսզի կրկին կամրջուի մաքուր, խորքային եւ իմաստալից թատերական ներկայացման:

 

 

Նախորդը

Շիրին Ապու Աքլէ` Ճշմարիտ Խօսքի Ուժը Մարմնաւորողը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.