Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

June 3, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 28 Մայիս 2022-ին Ազգային Միացեալ  վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչակազմը եւ աշակերտութիւնը համախմբուեցան դպրոցին շրջափակին մէջ` տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձը:

Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց իւրայատուկ ձեւով ներկայացան բակ` իրենց ձեռքերուն մէջ ամուր բռնած իրենց ձեռակերտ եռագոյնները:

Տօնակատարութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երկրորդական Ժ. դասարանէն Մարիա Խաչատուրեան. ան իր խօսքը սկսաւ Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի…» պատգամով եւ հաստատեց, որ Երեւանը ամէն գնով չդատարկելու Արամ Մանուկեաններու հաստատակամ որոշումը դարձաւ հիմնաքարը հայրենի պետականութեան կայացման: Ապա ան ըսաւ, որ 28 մայիս 1918-ը ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդի յարութիւնն էր, երբ վեց դարերու ստրկութենէ ետք, հակառակ տիրող սովին ու տարագրութեան աւերներուն,մենք ունեցանք պետականութիւն եւ վերահաստատեցինք ազգերու կողքին ազատ ապրելու մեր կամքը: Խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց` ըսելով, որ հայ ազգի ու հայ հայրենիքի ազատութեան յաւիտենական ղօղանջն է մայիս 28-ը ,հետեւաբար` գալիք սերունդները պէտք է այդ մշտատեւ զանգին ականջ դնեն` իրենց քայլերը ուղղելով դէպի ազատութեան Ճանապարհ:

Բացման խօսքէն ետք օրուան պատգամը յղեց քաղաքական մեկնաբան եւ վաստակաշատ լրագրող  Արմէն Ապտալեան , որ հետաքրքրական ու մատչելի ձեւով  բացատրեց անկախութեան եւ միասնակամ ուժի գաղափարը: Ան ըսաւ. «Ենթադրեցէ՛ք, որ  հայ դպրոցը պետութիւն մըն է, ձեր տնօրէնութիւնը` կառավարութիւնը, ձեր ուսուցչակազմը` կառավարութեան ղեկավարները եւ դուք` ժողովուրդը: Այս դպրոցը կը գոյատեւէ բոլորին աշխատանքով.հոս իւրաքանչիւր անհատ իր իւրայատուկ դերը ունի. եթէ պատահի, որ ձեզմէ մէկը անտարբեր գտնուի եւ ծուլանայ, այդ պետութիւնը կը տկարանայ ու կը քայքայուի»: Ապա Արմէն Ապտալեան համեմատեց «դպրոց» պետութիւնը մեր հայրենիքին ու անոր ղեկավարութեան հետ եւ հաստատեց, որ մեր անկախութիւնը կերտուեցաւ հայ ժողովուրդի  միասնակամ կամքով ու հաւատքով, միասնակամ  ուժերով: Ան իր խօսքը աւարտեց` աշակերտներուն կոչ ուղղելով, որ բոլոր յաղթանակները այսպէ՛ս կը կերտուին,ուստի ձեռք ձեռքի, բռունցք բռունցքի տալով` պիտի յաղթահարենք գալիք բոլոր մարտահրաւէրները:

Օրուան խորհուրդի փոխանցումէն ետք միջնակարգի Է. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ մեծ ոգեւորութեամբ արտասանեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք  նախակրթարանի Զ. դասարանէն չորս աշակերտներ ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Գովք Հայաստանի»-ն:

Այնուհետեւ վարժարանի քիմիագիտութեան ուսուցիչ եւ ազգային-յեղափոխական  երգերու մեկնաբան Վիգէն Տիշչէքէնեան, ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի, փառաբանեց մայիսեան յաղթանակը` բոլոր ներկաներուն հրամցնելով հայրենասիրական ու ազգային երգերու ճոխ հաւաքածոյ մը, մինչ աշակերտները խանդավառ ու բուռն ծափերով մասնակցեցան երգերուն:

Ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը վերջ գտաւ «Հայորդիք» երգով` հայ լեզուի ու հայոց պատմութեան արժէքը  վառ պահելու խոր պատգամով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Նշուեցաւ Մայիս 28-ին Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Տիգրանակերտցի Արտուշը Համացանցով Հայերէն Թերթ Կը Կարդայ Բայց Չի Հասկնար

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.