Այսօր` հինգշաբթի, 2 յունիսին, Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ նախանցեալ օր հասաւ Մակեդոնիա, հիւրը պիտի ըլլայ դաշտին տիրոջ:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Մակեդոնիոյ մէջ երէկ Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմին միացան Երջանիկ Ղուբասարեան եւ Տարօն Իսկետերեան:


