Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահ Արման Յովհաննիսեան հեռացաւ կազմէն` նկատի ունենալով, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի նորընծայ ախոյեանին հետ:
28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ յունուար 2021-ին միացած էր Փիւնիկին, անոր հետ դաշտ ներկայացաւ 20 մրցումի ընթացքին` կատարելով էսիսթ մը միայն:
Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` միեւնոյն ժամանակ ալ յաջողութիւն մաղթելով անոր ապագայի ծրագիրներուն:


